Շաբաթ, 29 Մայիսին, Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ հիմնասիւներէն՝ տիկ. Այրիս Փափազեանի մահուան առաջին տարելիցը պիտի նշուի։ Ան ծառայած էր Ազգային Առաջնորդարանին, սկսեալ մեր առաջին Առաջնորդ՝ Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի օրերէն։ Մեծ Եղեռնէն մալաթիացի վերապրողներու դուստր, երկար տասնամեակներ աշխատած է իբրեւ Առաջնորդարանի Հաղորդակցութիւններու բաժանմունքի վարիչը եւ անխոնջ հրատարակիչը “Օutreach” տպագիր պարբերականին եւ “Crossroads” ելեկտրոնային շաբաթաթերթին։ Գործի հանդէպ անոր նուիրումը միայն կարելի էր բաղդատել Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ նուիրումին։ Նոյնիսկ 80 տարեկան դառնալէ ետք, հանգստեան կոչուելու գաղափարը օտար էր իրեն։ Շարունակած է երկար ժամեր աշխատիլ Առաջնորդարանին մէջ, նոյնիսկ երբ պաշտօնապէս «կէս-հանգստեան» կոչուած էր։ Բոլոր անոնք, որ իրենց կեանքին մէջ Այրիս Փափազեանի հետ գործակցած են, կը կարօտնան զինք։
ԱՅՐԻՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
26
May