Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպուեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ խորհրդարանի հայկական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Սուրիոյ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ Սիւնպիւլ Սիւնպիւլեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան եւ Ազգ. բարերար Սուրէն Վարդանեան։

Նախագահ Ասատ ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան այցելութիւնը։ Նախագահը իր խօսքին մէջ յիշեց Օսմանեան պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ընդգծեց, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի Սուրիոյ մէջ։ Նշեց հայոց ներդրումը Սուրիոյ զարգացման ու յառաջդիմութեան մէջ եւ շեշտեց, որ հայ համայնքը անբաժան մասնիկն է Սուրիոյ հասարակութեան։

Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր կարգին, բարձր գնահատեց Սուրիոյ պետութեան աջակցութիւնը հայ համայնքի վերականգնման։ Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, թէ սուրիահայութիւնը ամէն գնով սատար պիտի հանդիսանայ երկրի վերաշինութեան ու վերածաղկման աշխատանքներուն։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու շրջանի տագնապներն ու խնդիրները։ Ապա, նախագահ Ասատին պարզուեցան Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նախագահին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի օրինակ մը եւ իր հեղինակած “The Armenian Church” գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նոյն օրը յաջորդաբար այցելեց Սուրիոյ Կրօնից նախարար Ահմատ Ալ-Սայէտին, վարչապետ Հուսէյին Արնուսին եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին (Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պետերը երկրէն բացակայ ըլլալով, անոնց հետ հանդիպում տեղի չունեցաւ)։