Լուրեր

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ՝ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Երկուշաբթի, 30 Մայիսին, ամերիկեան օրացոյցին մէջ Յիշատակի Օրը կը նշուի՝ ի յարգանս բոլոր անոնց, որոնք մեռած են Միացեալ Նահանգներու ծառայութեան մէջ։ Սկզբնապէս նուիրուած էր 1861-1865ի քաղաքացիական պատերազմի բոլոր զոհերուն, բայց Ա. Աշխարհամարտէն ետք, վերածուած է մարտի ընթացին մահացած բոլոր ամերիկեան զինուորներուն մեծարանքի օրուան։