Լուրեր

ՄԱՅԻՍ 28Ի ՊԱՏԳԱՄԸ 2022ԻՆ

Դպրոցական աշակերտ ըլլայ թէ գիտնական, ամէն հայ գիտէ, որ 28 Մայիս, 1918ին հռչակուած Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը հրաշքի համազօր էր։ Հերոսական արարք մըն էր ժողովուրդի մը կողմէ, զոր կայսերական Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը ոչնչացման եզրին հասցուցած էր։ Այսօր, հանրապետական Թուրքիոյ եւ իր զինակից Ատրպէյճանի հետապնդած նպատակը տարբեր չէ։

Առաջին անկախութեան 104ամեակը կոչ մըն է գործի անցնելու։ Որեւէ առողջ ընկերութեան մէջ, մտածումի տարբեր հոսանքներ, քաղաքական շարժումներ եւ նոյնիսկ անհաշտ տեսակէտներ պիտի ըլլան։ Սակայն, հայերս միացնող երեք հասարակաց կէտեր կան. պիտի չզիջինք մեր երկրի անկախութիւնը, պիտի չզիջինք Արցախը եւ պիտի շարունակենք արդարութեան հետապնդումը, մինչեւ որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հաշուետու ըլլան հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանական բազում արարքներուն համար։