Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 29 Մայիս)

Այսօր՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան եօթներորդ Կիրակին, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն ծանօթ է Երկրորդ Ծաղկազարդ անունով, թագաւորներու Թագաւորին Վերին Երուսաղէմ մուտքին առթիւ։ Երկրաւոր Երուսաղէմը երբե՛ք չարդարացուց իր կոչումը որպէս խաղաղութեան քաղաք, ընդհակառակը՝ եղած է միշտ թշնամանքի, խռովութեան ու պատերազմի քաղաք։ Մինչ Վերին Երուսաղէմի մէջ, ուր միայն Ամենակալ Աստուծոյ կամքը կը գործէ, յաւերժական կեանք, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն կը տիրէ։

Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ այս տօնը կը պարտինք մեր հաւատոյ հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին։ Ան, երբ դատապարտուած էր խոր վիրապի աստիճանական չարչարանքներով մահանալու որպէս հաւատուրաց, Երկնաւոր Թագաւորը զինք վարձատրեց, տնօրինելով որ ամէն օր հրեշտակ մը իրեն այցելէ, մխիթարէ ու զօրացնէ, որպէսզի իր առաքելութիւնը ամբողջացնէ։ Քրիստոսի Համբարձման տօնի չորրորդ օրը մեծ սուրբը կը զրկուի հրեշտակի այցելութենէն։ Յաջորդ օր կը պարզուի իրողութիւնը. Յիսուսի Համբարձումէն ետք ամէն օր հրեշտակներու ինը դասերը կը տօնախմբեն Անոր նուիրական առաքելութիւնը եւ երկինք յաղթական մուտքը։ Պահապան հրեշտակը չորրորդ դասուն պատկանելով, միացած էր իր խումբի ցնծութեան, խոր մտահոգութեան մէջ ձգելով բազմաչարչար սուրբը։ Աւանդաբար մեզի հասած այս թանկագին հոգեւոր պատումը իրազեկ կը դարձնէ մեզ, որ երկնային Զօրքերը մաս մը կազմեն նախախնամութեան եւ Փրկագործական ծրագրին։

Այսօրուան Աւետարանի մեր ընթերցումը նշանակուած է Յովհաննու 12.12-23, ուր կը նկարագրուի Յիսուսի յաղթական մուտքը երկնային Երուսաղէմ, իսկ Առաքելական նամակի ընթերցումը՝ Յովհաննու 5.13-21,  ուր հետեւեալը կը կարդանք. «Ասիկա գրեցի ձեզի, Աստուծոյ Որդիին հաւատացողներուդ, որպէսզի գիտակցիք՝ թէ յաւիտենական կեանք ունիք։ Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք, կը լսէ մեզ: Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ»։

Առաքեալի պատգամէն երկու մտածումներ կը բաժնեմ, որոնք կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն ամէն դարու հաւատացեալի կեանքին մէջ։

Մեր Տիրոջ կողմէ փոխանցուած վստահութիւնը, թէ Ի՛նք է Յարութիւնը եւ Կեանքը  (Յհ 11.25), Առաքեալին կողմէ անգամ մը եւս կը վերահաստատուի։ Կեանքը ամենէն թանկագին բանն է իւրաքանչիւր անձի համար, զոր երկարաձգելը եւ որակաւոր դարձնելը անխտիր երազն է բոլորին։ Մեր Տիրոջ եւ Իր առաքեալին առաջարկած պայմանը՝ վայելելու ո՛չ միայն երկրաւոր ու ժամանակաւոր, այլ երկնային յաւերժական կեանքը, ոչինչ է բաղդատած մեզի տրուած խոստումին։ Չարը, չարաշահելով մեր տկար ցանկութիւնները, կը քօղարկէ աստուածային անգին եւ անեղծ պարգեւը, որպէսզի մեզ զրկէ Աստուծոյ սուրբ սէրէն որ բացայայտուեցաւ խաչին վրայ։ Այնուամենայնիւ, Չարը որքան ալ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի մարդոց վրայ, սակայն պատասխանատուութեան մեծ բաժինը կը ծանրանայ իւրաքանչիւր անձի վրայ ընդունելու կամ մերժելու նման պարգեւ մը, որուն ժամկէտը կ՛աւարտի այս կեանքով։

Առհասարակ, բոլորս ալ անզգալաբար մեծ փորձութիւն մը կը դիմագրաւենք, այն՝ թէ ներկան վայելենք մեր հասկացողութեամբ, իսկ յետագային նկատի կ՛ունենանք անորոշ թուացող խոստումը։ Նման վերաբերում մը լիովին սխալ հասկացողութեան վրայ հիմնուած է։ Առաջին, գիտենք որ մեր այնքան սիրած կեանքը ամէն րոպէ լի է անակնկալներով, որեւէ ժամանակ կրնանք հրաժեշտ առնել անկէ, եւ ի սպառ կորսնցնել ձրի շնորհուած պարգեւը։ Երկրորդ, մեր ապրելակերպը փոխելով՝ մարմնականէն հոգեւորի, չի նշանակեր որ ողբալի կեանք մը պիտի ունենանք։ Ընդհակառակը, որքան կանուխ զմեզ յանձնենք Կենսատու Յիսուսին, այնքան շուտ մեր սրտերը պիտի ողողուին գերագոյն ցնծութեամբ, փոխակերպելով ոչ միայն մեզ, այլ նաեւ մեր շրջապատի անձերը։

բ. Երկրորդ խոստումը որ կը յաջորդէ առաջինին այն է, թէ «երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք, կը լսէ մեզ: Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ»։ Խնդրելու եւ ստանալու փոխադարձ յարաբերութիւնը եւս յաճախ սխալ ըմբռնուած է։ Շատ անգամ հաւատացեալներ կը գանգատին, թէ աղօթքով կարեւոր բաներ կը խնդրեն եւ անպատասխան կը մնան։ Ասիկա պատճառ կ՛ըլլայ որ կասկածին Տէրունական խօսքի վաւերականութեան, թէ՝ «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի» (Մտ 7.7)։

Մեր Տիրոջ խօսքը միշտ ալ թափանցիկ է, ոչինչ կայ թաքուն կամ աճպարարուած։ Քրիստոս ամենայն հանդիսաւորութեամբ սորվեցուց մեզի՝ «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի», բայց նաեւ ըսաւ, «երկնքի արքայութիւնը նախ խնդրեցէք, մնացեալը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (Մտ 6.33)։ Սուրբ գիրքը լաւագոյնս հասկնալու համար զգոյշ պէտք է ըլլանք անոր որեւէ համարը առանձնացնելով, զայն մեր հաւատամքին մաս դարձնել, այլ պէտք է պատգամին էութեան թափանցենք իր բոլոր երեսներով եւ ըստ այնմ իւրացնենք։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս լաւագոյն օրինակը Ի՛նք է. շատ յաճախ, երբ իր հակառակորդները Զինք կը փորձէին թակարդել սուրբ գրային համարով, Ինք մէջբերելով նոյն խօսքը լուսաբանող այլ համար մը, փորձիչները իսկոյն կը պապանձէին։

Առաքեալը հաւատարմօրէն կ՛արձագանգէ Տէրունական պատուէրին, ըսելով՝ «երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք, կը լսէ մեզ»: Ահա այս է մայր բանալին ճիշդ կերպով ուղղելու համար մեր խնդրանքները Աստուծոյ, որ Իր հաւատարիմ մարգարէին՝ Եսայիի բերնով յստակ բացայայտեց այս ճշմարտութիւնը, ըսելով՝ «Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդներուն պէս չեն, ո՛չ ալ ձեր ճամբաները՝ իմինիս պէս» (Ես 55.8)  Ուստի, խիստ կարեւոր է զգոյշ ըլլալ մեր խնդրանքներուն մէջ, տեսնելու թէ անոնք կը համընկնի՞ն Բարեգութ մեր երկնաւոր Հօր կամքին։ Արագ ակնարկ մը եկեղեցւոյ բոլոր Հայրերու աղօթքներուն վրայ պիտի համոզէ մեզ, որ անոնց աղօթքները ներծծուած էին Աստուծոյ կամքով։ Եթէ համարձակինք բաղդատել մեր եւ անոնց աղօթքները, պիտի տեսնենք թէ որքան հեռու ենք ո՛չ միայն Տէրունական աղօթքի չափանիշէն, այլ նաեւ  մեր սուրբ հայրերէն, որոնք աշտարակներն են մեր հաւատքին։

Հետեւաբար, ծունկի գալով մեր սրտերուն մէջ, Ներսէս Շնորհակի Հայրապետին հետ աղօթենք եւ ըսենք. «Հաւատքով կը դաւանիմ քեզ եւ կ՚երկըրպագեմ քեզի, անբաժանելի լոյս, միասնական Սուրբ Երրորդութիւն եւ մէկ Աստուածութիւն, արարիչը լոյսին եւ հալածիչը խաւարին. իմ հոգիէս հալածէ՛ մեղքի եւ անգիտութեան խաւարը, եւ լուսաւորէ՛ միտքս, որ այս պահուս քեզի հաճելի ձեւով աղօթեմ եւ քեզմէ ընդունիմ իմ խնդրանքներս, եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։

Ամենայն խոնարհութեամբ հետեւինք այս պարզագոյն ուսուցումին, որպէսզի վայելենք Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։