ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 104-ԱՄԵԱԿԻՆ ՈՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 29 Մայիսին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ բարձեալն Աստուած, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգը ամբողջ եւ Իր շնորհքն ու իմաստութիւնը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութեան վրայ կը գտնուին։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ աղօթեց Աստուծոյ, որ Իր Ս. Աջովը օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ Իր հովանիին տակ պահէ մեր հայրենիքն ու Ս. Եկեղեցին։
Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր քարոզին մէջ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը այսօր, առաւել քան երբեք, հայրենիքի հովանիին ներքեւ միախմբուելու եւ հայ ազգին շնորհուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու կարիքը ունի։ Հոգեհանգիստ կատարուեցաւ ի խնդիր հայրենի հողին անկախութեան ու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիի խաղաղութեան համար։
Ս. Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերը, դպրեվանեցիները, Կիրակնօրեայ վարժարանի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր։ Յայտագրի աւարտին ուղերձ ընթերցեց Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան։ Հայր սուրբը ուղերձին մէջ յիշեց յանուն ազատութեան ու անկախութեան հայ ազգի զաւակներուն կատարած սխրանքները։ Ան, իր խօսքի աւարտին, ի դէմ միաբանութեան ու ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց արեւշատութիւն։
Հանդիսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղեց ողջ հայութեան։ Ան յայտնեց, թէ այսօր մեր հայրենիքի անկախութեան պաշտպանը միայն Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդը չէ, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի հայութիւնը, եւ շեշտեց, թէ այսօր Մայիս 28-ն միայն մոմ վառելու, ծաղկեպսակ զետեղելու, հանրահաւաքներ կազմակերպելու առիթ չէ՛, այլ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան: Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբա՛ր պէտք է հայոց անկախութեան պաշտպանը դառնան:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, յիշելով Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած քաջարի հայ զինուորները, ընդգծեց, որ անոնք հերոսացան հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար: Նաեւ նշեց, որ Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին մենք բոլորս աղօթք վերառաքեցինք առ բարձեալն Աստուած, որ խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն շնորհէ Հայաստանի ղեկավարներուն, մտաւորականներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի հայրենիքի փրկութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վե՛ր ու վե՛հ նկատեն: Մեզմէ ա՛յս կը պահանջէ Մայիս 28ը: