Կիրակի, 5 Յունիսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանի։
Ուրախութիւն էր Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին համար, որ իր սաներէն 19 նոր մշակներ կը յանձնէր հայ եկեղեցւոյ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց դասուն։ Կիսասարկաւագական կարգ ստացան չորս ընծայարանականներ, իսկ դպրութեան կարգ՝ տասնհինգ ժառանգաւորներ։
Ձեռնադրիչ Սրբազանը, խօսելով օրուան տօնին ու խորհուրդին մասին, անդրադարձաւ Վերնատան մէջ Սուրբ Հոգիի էջքին: Շեշտելով Հոգեգալուստի դէպքը, ըսաւ, թէ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ այն եզակի փորձառութիւնն է, երբ յուսալքուած եւ տկարացած առաքեալներն ու առաջին հաւատացեալները համախմբուած էին այ՛ն Վերնատան մէջ, ուր Յիսուս վերջին ընթրիքը կատարած եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատած էր: Սրբազանը, իր խօսքը ուղղելով նորոգ ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր դուք ստացաք ծառայութեան առանձնաշնորհումը եւ այդ ծառայութիւնն է որ ձեզ պիտի կազմաւորէ, որպէսզի օր մը նաեւ Ս. Խորան բարձրանաք՝ ձեր անձերուն ամբողջական ինքնընծայումը կատարելու համար»: Սրբազանը անոնց մաղթեց, որ իրենց նոր ստացած պաշտօններուն ընդմէջէն Ս. Հոգւոյն շնորհքը՝ հաւատքով զիրենք պատրաստէ Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջական ծառայութեան»: