Առաջնորդարանէն

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱՅԻ ԳԱՂՈՒԹԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ԻՐ 30ԱՄԵԱՅ ՀՈՎԻՒԸ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹՈՎ

Շաբաթ, 4 Յունիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) Հիմնադիրներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի, որ 31 տարի համայնքի հոգեւոր հովիւը ըլլալէ ետք, հանգստեան կոչուած է։ Շուրջ 320 հոգի ներկայ էին մեծարանքի այս տուրքին, որուն կը նախագահէր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տեղական հայ եկեղեցականներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Այս առիթով, նախասրահին մէջ ցուցադրուած էին Տ. Ներսէս Ա. Քահանայի կեանքի ու գործունէութեան նուիրուած բազմաթիւ լուսանկարներ, ինչպէս եւ անոր պատրաստած երկլեզու հրատարակութիւնները։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Քըրք Գարաքէլեան։ Հայկական եւ ամերիկեան քայլերգերու երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ճաշի օրհնութիւնը, որմէ ետք հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Մայքլ Ինճէեան,  շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց իրենց անձնուէր բազմամեայ հովիւին։ Տէր Ներսէս եւ երէցկին Նեկտար հրաւիրուեցան յատուկ կարկանդակը կտրելու։ Երաժշտական բաժնին իր մասնակցութիւն բերաւ «Ոսպիկեան» նուագախումբը։

Ճաշկերոյթէն ետք, կարդացուեցան շնորհաւորական նամակներ հայերէնով եւ անգլերէնով։ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Քըրք Սէլվէրեան, երեք նուէր յանձնեց Տէր Հօր, որոնց շարքին՝ յատուկ մարդասիրական հիմնադրամ մը, որ հանգստեան կոչուող հոգեւորականին ուղղակի տնօրինութեան տակ պիտի գտնուի։ Համայնքի զանազան անդամներ դրուատեցին Տ. Ներսէսի գործունէութիւնը, դրուագներ եւ յուշեր պատմելով անցեալ տարիներու գործակցութենէն։

Արժանապատիւ Տէր Հօր դուստրը՝ Սալի Մանուկեան, դիպուկ պատումներով ընդգծեց Տէր Հօր նկարագրային առանձնայատկութիւնները։ Խօսք առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորանշանակ հովիւը՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, որ իր դրուատիքն ու գնահատանքը յայտնեց իր աւագ հոգեւոր եղբօր ժրաջան գործունէութեան մասին, որ իր հովուական ու ղեկավարական ձիրքերով յաջողած էր եկեղեցւոյ բարգաւաճ կեանքը ապահովել։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վերյիշեց Դպրեվանքի երբեմնի օրերը, երբ ինք ու Տէր Հայրը դասընկերներ էին եւ ապա՝ իրենց գործակցութիւնը մեր թեմէն ներս, երբ Սրբազան Հայրը հովիւ էր, ապա՝ առաջնորդական փոխանորդ, եւ վերջապէս՝ Առաջնորդ։ Ան յատկապէս գնահատեց Տէր Ներսէսի բոլորանուէր աշխատանքը իր ծուխին ի խնդիր, զոր առաջնորդած էր լաւ եւ գէշ օրերուն, ու Ազգային Վարչութեան անունով շնորհաւորեց զինք հանգստեան կոչուելու առիթով, մաղթելով, որ համայնքը օգտուի անոր իմաստութենէն եւ փորձառութենէն։

Արժանապատիւ Տէր Հայրը, իր շնորհակալական խօսքին մէջ, պատմեց թէ ինչպէ՛ս հասած էր Ֆիլատելֆիա ու դարձած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Յիշեց այն հոգաբարձուները, որոնց հետ աշխատած էր, եւ կոչ ուղղեց համայնքին, որ միասնաբար ու համերաշխօրէն աշխատի, որպէսզի եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնը։