Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50ԱՄԵԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 12 Յունիսին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, քահանայական ձեռնադրութեան իր 50ամեակին առիթով պատարագեց Ս, Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի ընթացքին, Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղղուած հայրապետական օրհնութեան գիրին ընթերցումը, ուր ի մասնաւորի ըսուած էր.

«Հոգեւոր կեանքի ու ծառայութեան յիշեալ բոլոր հանգրուաններուն ու բոլոր մարզերէն ներս, դուք միշտ մնացիք հաւատարիմ մեր սուրբ Աթոռին, անոր սկզբունքներուն ու առաքելութեան։ Մնացիք մանաւանդ նախանձախնդիր հայ հոգեւորականի կոչումին։ Համեստութիւնը, պարզութիւնն ու ծառայասիրութիւնը դարձան տիրական գիծերը Ձեր կեանքին ու առաքելութեան։ Յատկանիշեր, որոնք հարկ է որ հիմքը կազմեն հոգեւորականի նկարագրին»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը յոբելեանին առիթով։ Խանդավառ ու մտերմիկ մթնոլորտ կը տիրէր շքեղօրէն զարդարուած սրահին մէջ, ուր աւելի քան 170 հոգի գրաւած էին բոլոր սեղանները։ Ներկայ էին Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, ինչպէս եւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան (պատուակալ հովիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ֆիլատելֆիա), Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան (պատուակալ հովիւ, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ), Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան (այցելու հովիւ,  Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան (Մայր Եկեղեցի, Նիւ Եորք), Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն.  Թրթռեան (հոգեւոր հովիւ, Ս. Սարգիս եկեղեցի, Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան (հոգեւոր հովիւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան (արտահաս հովիւ)։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց օր. Թամար Յարութիւնեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Իբրեւ հոգեւոր ղեկավար, ներշնչող օրինակով ղեկավարած է՝ ցուցաբերելով հեզութիւն եւ սփոփանք հաւատացեալներուն, որոնց ծառայած է խոնարհութեամբ, որ միայն կու գայ Տիրոջ հետեւելու փաստէն»։

Հիւրընկալ եկեղեցւոյ կողմէ, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ պրն. Արմէն Մորեան, որ յայտնեց, թէ «պատիւ մըն է հիւրընկալել այս իւրայատուկ ձեռնարկը, այս իւրայատուկ ժամանակին եւ այս իւրայատուկ անձին համար։ Մենք ձեզի հետ ենք, եւ երախտապարտ ենք, որ դուք մեզի հետ էք»։ Խօսք առին նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, եւ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան, որ վեր առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր անձին եւ կրօնականին յատկանշական գծերը։ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան կարդաց Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, եւ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի շնորհաւորական նամակները, իսկ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեան ընթերցեց բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանի ղրկած նամակը։ Ներկայացուեցաւ «Յիսնամեայ ծառայութիւն» խորագրուած ու հայերէնով խօսուած տեսերիզը (խօսք՝ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան), զոր պատրաստած էր Կրէկ Տոսթուր։ Տեսերիզը կը ներկայացնէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի կեանքի ու գործունէութեան համառօտ, սակայն համապարփակ պատկերը։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը՝ երիտասարդ արուեստագիտուգիներ Սիրան Չորպաճեանի, Քարինա Վարդանեանի, Անահիտ Ինճիկիւլեանի (երգ) եւ Արփի Բախշեանի (ջութակ) ու հանրածանօթ երաժիշտ Արա Տինքճեանի (երգեհոն) մասնակցութեամբ: Աւարտին, յոբելեար Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր ներկաներուն, ու իր հայրական յորդորներով եւ հոգեւոր ներշնչող պատկերներով ու հաստատումներով արդէն խանդավառ մթնոլորտը աւելի եւս շէնցուց։ Ձեռնարկը փակուեցաւ գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ հաւաքաբար մեկնաբանուած «Կիլիկիա» երգի կատարումով։

Ներկաներուն շարքին էր յայտնի ժողովրդական երգիչ Օննիկ Տինքճեան, որ շատերու զգացումը յայտնեց, ընդգծելով, որ «կեանքիս 93 տարուան ընթացքին, ճանչցած եմ բազմաթիւ առաջնորդներ, բայց պատիւ կը զգամ ներկայ ըլլալու մեծագոյն Սրբազաններէն մէկուն՝ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի համար, անոր իրապաշտ նկարագրին, պարկեշտութեան, մարդկայնութեան համար»։

Աւելցնենք, որ ձեռնարկին առթիւ, սրտաբուխ նուիրատուութիւններէ գոյացած էր 200.000 տոլարի գումար մը, որ պիտի յատկացուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի երիտասարդական ծրագիրներու: