ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔՈՎ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ԿՒԼՒԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ
Ուրբաթ, Յուլիս 1ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. պիտի հանդիսապետէ միւռոնօրհնէքի արարողութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։ Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս խորհրդալից արարողութեան պիտի մասնակցին Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի բոլոր միաբանները, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեանց ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ եւ բազմահազար ժողովուրդ։
Շաբաթ, Յուլիս 2ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25ամեակի հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի։ Յատուկ Ս. Պատարագ եւ Հայրապետական Մաղթանք պիտի մատուցուին Կիրակի, 3 Յուլիսի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն երեկոյեան, Դպրեվանքի 91րդ ամավերջի հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Պիքֆայա։
Այս ձեռնարկներուն աւարտին, 4-5 Յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ժողովը: Հինգ օրերու վրայ տարածուող այս հոգեպարար արարողութիւններուն եւ խանդավառող ձեռնարկներուն եւ հաւաքներուն պիտի մասնակցի Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ինչպէս եւ Թեմիս մէջ ծառայող միաբանները՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիու, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ։