Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐՒԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՌԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի շրջանաւարտները լսարանի տնօրէն եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանի, եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ տնօրէն՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի հետ։ Ձախէն աջ՝ Սարինէ Քընինկհէմ, Մարի Աշպահեան, Թալին Լագիսեան եւ Աննա Թէքէեան։

Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 36րդ տարեշրջանի դասընթացքները վերջ գտան Կիրակի, 3 Յուլիսին։ Ինչպէս գրած էինք, այս տարի մասնակցեցան 35 աշակերտներ 10 ծուխերէ։ Անձնակազմը բաղկացած էր 16 կրօնական ու աշխարհական ուսուցիչներէ եւ խորհրդականներէ։

Լսարանի ուսումնական ծրագիրը քառամեայ է։ Ծրագիրը աւարտողները առիթը ունին վերադառնալու՝ յետ-աւարտական դասերու համար։ Լսարանը միաժամանակ հինգ մակարդակներու դասերը կը հրամցնէ։ Իւրաքանչիւր տարի, աշակերտները շուրջ 20 դասապահ կ՚ունենան։ Ուսումնական ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Աստուածաշունչը, Ս. Խորհուրդները, Հայց. Եկեղեցւոյ տօներն ու սուրբերը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու դաւանանքը, աղօթքներ եւ ժամանակակից հարցերու քննարկումներ։

Այս տարի, բացառաբար, համավարակի ստեղծած բացին պատճառով, լսարանը 4րդ եւ 5րդ մակարդակները միացուցած էր եւ «նախա-Տաթեւ»ի դասեր յառաջացուցած էր։ Աշակերտները բաշխուած էին հետեւեալ ձեւով. Ա. մակարդակ՝ 14, Բ. մակառդակ՝ 8, Գ. մակարդակ՝ 3, Դ. եւ Ե. մակարդակներ՝ 4, նախա-Տաթեւ՝ 4։ Լսարանի այս տարուան շրջանաւարտներն են՝ Մարի Աշպահեան եւ Սարինէ Քընինկհէմ (Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Թալին Լագիսեան (Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի, Նիւ Եորք), Աննա Թէքէեան (Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի ուսուցչական եւ օգնական կազմը

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի առաջին մակարդակի աշակերտները

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի երկրորդ մակարդակի աշակերտները

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի երրորդ մակարդակի աշակերտները

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի «նախա-Տաթեւ» մակարդակի աշակերտները