Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25ԱՄԵԱԿԻ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, Շաբաթ, 2 Յուլիսի երեկոյեան, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25ամեակին նուիրուած ձեռնարկը (որ յետաձգուած էր 2020էն ի վեր), ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդներու, նախկին եւ ներկայ նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, քահանայ հայրերու եւ հրաւիրեալներու:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող քառորդ դարուն, մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուց մեծ իրագործումներու տենդով  եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական աթոռին շնորհեց փառքի տարիներ։ «Հայ Եկեղեցւոյ կանչով առաջնորդուած, Արամ Ա. Կաթողիկոս, չվարանեցաւ ստանձնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը ոտքի պահելու ու մեր ժողովուրդը հովուելու սրբազան պարտականութիւնը: Ան գիտէր, որ անոնք, որոնք զինք այդ ծանրագոյն պարտականութեան կը կանչէին, այդ կը կատարէին յանուն Աստուծոյ եւ յանուն մեր ժողովուրդին: Անկասկած, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ լաւ գիտէր, որ ծառայութեամբ միայն կարելի է քալել հայ եկեղեցւոյ ճամբաներէն: Ուստի, հայրապետական սուրբ օծում ստանալով, ան իր տաղանդին լաւագոյնը ընծայեց մեր եկեղեցւոյ  սպասաւորութեան գործին`  իր ճակտին վրայ ամէն տեղ շքեղօրէն փայլեցնելով հայ եկեղեցւոյ Ս. Միւռոնին ճառագայթը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Շարունակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն պահեց եւ պաշտպանեց իրեն յանձնուած Եկեղեցւոյ միտքն ու հոգին, այլ նաեւ ճոխացուց ու երիտասարդացուց միաբանութեան շարքերը, նոր որակ ու նոր մղում տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի յանձնառու կեցուածքը իբրեւ քաջ հովուապետ, իր հայրական սէրն ու հոգածութիւնը տարածելով բոլորին վրայ՝ բազմաթիւ դժուարութիւններու ընդմէջէն։ Իբրեւ վարչական աշխատանքի ղեկավար, ան գործած է մեծ վաստակաւորներու եռանդով՝ մեր միջավայրին եւ միջեկեղեցական ու միջազգային հորիզոններու վրայ։

Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետի 27 տարիներու բեղուն վաստակը, հաստատելով, որ Անթիլիասը, որ  իր գոյութեան իրաւունքն ու հեղինակութիւնը կը ստանայ մեր ուխտապահ ժողովուրդի հաւատքէն ու անսահման սէրէն, ամրօրէն իր տեղն ու կշիռը կը պահէ հայութեան սրտին մէջ, որովհետեւ Կիլիկիոյ Աթոռին հաւատքի ամուր եւ կենդանի պահապանները հանդիսացած են Վեհափառ Հայրապետին օրինակով այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուցած են Աստուծոյ պաշտամունքին լոյսովն ու մեր ազգի մշտնջենաւորութեան հաւատքովը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի», «Նարեկացի» եւ «Արմաշ» երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, անջատաբար ու միասին ազգային ու ժողովրդական երգերու տպաւորիչ յայտագիր մը ներկայացուցին։

Ապա խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան դիտել տուաւ, որ տագնապալի ժամանակներու մէջ կ՛ապրի համայն հայութիւնը, եւ սակայն, այս մթագնած երկինքին տակ, երբ կը վերադառնանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 27 տարիներու գործունէութեան եւ առաքելութեան հիմքերուն կամ մանրամասնութիւններուն, կը գտնենք յոյսը, ճամբու քարտէսը, վերականգնումի եւ դարձեալ վերընձիւղուելու հորիզոնները: Ան շեշտեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս դարձաւ ժողովուրդին կաթողիկոսը ու հասաւ ամէնուրեք, խօսքէն անդին գործով, անխտիր բոլորին, առանց դաւանական թէ գաղափարական տարբերութեան: «Հայրենիքի եւ հայրենիքի գաղափարի զօրացման համար ոչ մէկ ճիգ խնայեց, անոնց գոյատեւման, կայունացման, հզօրացման ի խնդիր ոչ մէկ ընկրկում ընդունեց», հաստատեց Բագրատունի, շեշտելով, որ հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վերատիրացման պահանջին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս եղաւ գլխագիր անզիջող հայրապետը:

Անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետի յատկանիշներուն, ան ըսաւ. «Անխոնջ աշխատող, բծախնդիր ու պահանջկոտ, յարգալիր եւ յարգուած, անյագ ու մնայուն ընթերցող, անցուդարձերուն մօտէն հետեւող, բացառիկ ժողովական, արտադրող միտք, սահուն ու արգասաբեր գրիչ, խիստ, բայց ընդհանրական գործին համար` ճկուն, երեւոյթներէ եւ պղպջակներէ անդին` խորքայինը արժեւորող եւ խորաթափանց, երիտասարդութեան եւ վերանորոգութեան հաւատացող, արդիականութեան հետ քայլ պահող, բայց զայն հայկական արժէքներու պատշաճեցնող մեծ հոգեւորականն է Արամ Ա. Կաթողիկոս, բայց մանաւանդ մեծ է անոր սիրտը, հայուն ցաւով կոտտացող սիրտը»:

Ազգային ու ժողովրդական երգերու գեղարուեստական նոր բաժինով կրկին բեմ բարձրացան «Շնորհալի», «Նարեկացի» եւ «Արմաշ» երգչախումբերը,  ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

Աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ զինք արժանի նկատեց իբրեւ  Կաթողիկոս ծառայելու Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին, որ զինք հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կենսագործելու: Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ 27 տարի քալած է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան ճամբէն` աղօթքով ու հաւատքով զօրացած. «Քալեցի այդ ճամբէն մեր Ս. Աթոռին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական եւ գերագոյն արժէքները եւ սկզբունքները ամէն բանէ վեր նկատելով: Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը նուիրական կոչում է ու սրբազան պարտաւորութիւն, զոր փորձեցի իրագործել պատասխանատուութեան ոգիով, անմնացորդ նուիրումով եւ ամբողջական սիրով: Եթէ սխալներ գործեցի, կամայ թէ ակամայ, թող Աստուած ներէ: Եթէ թերութիւններ ունեցայ, կամայ թէ ակամայ, թող մեր ժողովուրդը ներէ»:

Շարունակութեան մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Խօսիլ Կաթողիկոսի մասին կը նշանակէ խօսիլ կաթողիկոսութեան մասին: Վեհափառը սոսկ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը հովանաւորող անձը չէ: Ան նոյնացած է կաթողիկոսութեան հետ, իր կեանքն ու գործը շաղախելով անոր կեանքին եւ առաքելութեան բոլոր տարածքներուն հետ: Այսպէս ըմբռնեցի եւ այս համոզումով ջանացի արժեւորել հայրապետական գահակալութեանս տարիները` հաւատալով հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքը կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ` ծառայութիւն: Սովորական ու պարագայական չեղաւ մեր Ս. Աթոռին ծառայութիւնը: Ան եղաւ ու մնաց խորք ու որակ ունեցող, հետեւողական ու ծրագրուած ծառայութիւն, ժողովրդանուէր ծառայութիւն` բառին գերազանց ըմբռնումով»:

Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ամեակները առիթներ են ինքնարժեւորումի, նաեւ հրաւէր` նոր պայմաններու եւ իրականութիւններու բացուելու: Ան հաստատեց, որ կ՛ապրինք տագնապալից ժամանակներու մէջ, աւելցնելով, որ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ եւ ըսելիք եւ ընելիք ունի ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող խնդիրներու մասին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Շնորհալի» եւ «Արմաշ» երգչախումբերուն մեկնաբանութեամբ «Մաղթերգ հայրապետական» եւ «Մաղթերգ» երգերով:

Հայրապետական մաղթանք

Կիրակի, 3 Յուլիսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր Ս. Խորանէն ընթերցեցին Աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ՝ գոհութիւն ու փառք տալով Աստուծոյ եւ աղերսելով, որ Տէրը Հայրապետին առողջ ու ծառայութեամբ բեղուն երկար կեանք պարգեւէ, իսկ հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ անսասանութիւն։

Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Ս. Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդաներ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ազգային երեսփոխաններ, բարերարներ, ինչպէս նաեւ Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Լիբանան ժամանած ուխտաւորներ։

Հայրապետական Մաղթանքին յաջորդեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի քարոզը։ Շահան Սրբազան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնական դերակատարութեան, յատկապէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեամբ սկիզբ առած նոր ընթացքին։

Ապա, Սրբազան Հայրը Վեհի անսակարկ նուիրումի 27 տարիներու «հաւատքի առաքելութիւն»ը յատկանշեց՝ (ա) հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացումով, (բ) մտաւորական իր փորձառութեամբ մշակութային վերելքով, (գ) համահայկական կարեւորագոյն խնդիրներուն իր զօրեղ ներկայութեամբ ու գործնական մասնակցութեամբ, (դ) բազմաբնոյթ ու բազմամակարդակ յարաբերութիւններու մշակումով:

Եզրարափակելով, Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Կիլիկիան Ս. Աթոռը նոր փայլք ու հմայք ստացաւ Վեհափառ Հայրապետով, որ իր ծառայութեան 27 տարիները լեցուց եւ կը շարունակէ լեցնել մեզ հարստացնող այնպիսի իրագործումներով, զորս Հայրապետական Մաղթանքի առիթով արտասանուած որեւէ խօսքի մէջ կարելի չէ ամփոփել: Վեհափառը ո՛չ միայն մեր պատմութեան եզակի նկատուող անձերէն մէկն է, այլ գլխագիր եզակի Վեհափառն է»:

Ս. Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, հաւատացեալները ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր «Շնորհալի» երգչախումբը հրամցուց փունջ մը ազգային երգեր։ Հուսկ, Հայրապետը սրտի խօսք առնելով՝ յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց թեմակալ առաջնորդները, միաբան հայրերը, թեմերուն ներկայացուցիչները եւ ի մասնաւորի՝ հայկական պատմական երեք կուսակցութիւններուն վերին մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, շեշտելով անոնց դերը Սփիւռքի կազմակերպման, վերակազմակերպման ու ծաղկման, ինչպէս նաեւ հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողքին։ Այս  առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը կը վերանորոգէ իր ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը, նշեց Վեհափառ Հայրապետը, մաղթելով, որ Աստուած անսասան պահէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը, մեր եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, մեր բոլոր կազմակերպութիւնները եւ մեր ազգը ամբողջ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ։ Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։