Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ստորեւ կու տանք Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցած դասախօսութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 4-5 Յուլիսին։

Ինքնութիւն եւ Առաքելութիւն անքակտելիօրէն իրարու շաղկապուած երկուորեակ բառեր են, որոնք իրարմով կ՛իմաստաւորուին ու կ՛ամբողջանան, յատկապէս  մղիչ ոյժը դառնալով յատկապէս Կիլիկեան սուրբ Աթոռի գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիոսի «2022 – Սփիւռքի Տարի» հռչակագրին։

Հոգեւորականի մը, ընդհանրապէս, իսկ հայ, ի մասնաւորի Կիլիկեան Ուխտի միաբանի ինքնութիւնը արմատաւորուած է մարդացեալ Միածնին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքին՝ գործերուն եւ ուսուցումներուն մէջ, որոնք արտացոլուած են առաքեալներու եւ սուրբերու կենցաղով, համարեա գերբնական արտայայտութեամբ, առ ի վկայութիւն Տէրունական պատուէրին, թէ Աստուծմով ամէն ինչ կարելի է։

Հայ հոգեւորականին աստուածապարգեւ ինքնութիւնը դարբնուած է զինք ծնող ժողովուրդի լինելութեան հաւատքով եւ անոր վիճակուած բախտորոշ ու թշուառ ճակատագրով։ Ուստի, հաւատարմատ իր ինքնութեան լուծով կեանքի բոլոր պատահումները կրելով, ան Սուրբ Պատարագի բառերը՝ «զՔոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմք»ը կը վերածէ կեանքի, եւ ծառայութեան դաշտին մէջ իրեն հրամցուածը Աստուծոյ զօրութեամբ հրաշագործելով կը մատուցանէ Հրաշագործողին։ Ի մի բան, Սուրբ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներով հաստատուած եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչներով, Ներսէս Շնորհալիներով ու Գրիգոր Մուսաբէկեանց հայրապետներով շառաւիղած, եւ Սահակ Բ., Զարեհ Ա․ եւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսներով վերընձիւղած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան իւրաքանչիւր զինուորագրեալին DNAի բաղադրիչ զոյգ տարրերն են նմանութիւն Քրիստոսի եւ ծառայութիւն ժողովուրդին՝ Աստուծոյ փառքին համար։

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ հասակ առած իւրաքանչիւր միաբան, թրծուած ըլլալով Դպրեվանքեան ոգին արտացոլացնող քայլերգով, ուր «Կրօնի հուրն եւ ազգի սէր»ը ընդելուզուելով կը դառնան մղիչ ներոյժը իր առաքելութեան, երբ ձեռքը մաճին վրայ դնէ, որքան ալ անպարագիծ եւ անակնկալներով լի հորիզոններ բացուին իր առջեւ, Տիրոջ Խօսքի լոյսով ան կ՛ակօսէ Ամենակալին կողմէ իրեն վստահուած հոգեմտաւոր անդաստանը, վստահ ըլլալով որ Սուրբ Հոգին կ՛ոռոգէ եւ կ՛արդիւնաւորէ Տիրոջ Բանին հաւատարիմ «անպիտան ծառայի» քրտնաջան աշխատանքը։

Ժամանակները եւ ընկերութիւնները որքան ալ տարբեր թուին, հիմնականին մէջ կը հետեւին Ստեղծագործ երկնաւոր Հօր խորհուրդ խորին ծրագրին։ Այս վստահութեամբ, փորձառական կեանքէս հիմնական քանի մը երեւոյթներ կը բաժնեմ, վստահ ըլլալով որ զանոնք հաւաքական փորձառութեան բովէն անցընելով պիտի բիւրեղանան յօգուտ եւ ի զօրացումն Կիլիկեան Ուխտիս զինուորագրեալներուս։

Առաքելութիւնը անսահման դաշտ մըն է, ուրկէ կը գոհանամ այժմէականութիւն ներկայացնող չորս <ծաղիկներ> քաղելով, որպէս քննարկման նիւթ մեր աշխատանքներուն։

  1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԴԸ

Եկեղեցականը ինչ հանգամանքով եւ ուր որ ծառայէ, իր խօսքով ու գործով, կեցուածքով ու վերաբերմունքով, յաչս ժողովրդեաւն՝ իր հօտին պատկանող բանաւոր ոչխարներուն թէ օտարներուն, կը ներկայանայ որպէս Աստուծոյ մարդը, ինչպէս Սարեբթայի այրին դիմեց Եղիա մարգարէին (Գ Թագ․ ԺԷ 24): Ան ժողովուրդին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան յայտարարն է։ Ժողովուրդի հետ ըլլալ սակայն երբեք պէտք չէ շփոթել  ռամկանալու հետ։ Աշխարհին մէջ ըլլալ՝ առանց աշխարհայնանալու։  Արժէքներու վերիվայրումներու այս դարաշրջանին հոգեւորականը իր նիստ ու կացով, վարք ու բարքով աւելի քան երբեք պարտի ցոլացնել այն Գերագոյն Տիպարը, որ մարդացաւ աստուածացնելու մարդիկը։ Անոր սիրտը պէտք է տրոփէ ժողովուրդի ամէնօրեայ տագնապներուն հետ, ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ՝ «Ո՞վ կը տառապի եւ ես հետը չեմ տառապիր» (Բ Կր ԺԱ 16-33), ցաւակից ըլլալով տառապեալին՝ առանց զոհը դառնալու ցաւին, բերելով լուծում տագնապնեոն եւ ո՛չ թէ բարդացնելով զանոնք։

Ձեռնադրութեան սուրբ Խորհուրդով ստացուած այս Շնորհքը կ՛ոռոգուի յարատեւ Աղօթքով, Սուրբ Գրքի եւ Հայրաբանութեան ծանօթացումով եւ  սուրբերու վարքի մտերմութեամբ։

 

  1. ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԵՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Ա․ Սերունդներու փոփոխման բնականոն հետեւանքները քաղաքակրթութեան զարգացումով եւ վերջին երեսնամեակի արհեստագիտութեան ընձեռած դիւրութեանց պատճառաւ բազմապատկուեցան։ Յետեղեռնեան շուրջ երեք սերունդներ եթէ կը գոհանային հոգեւորականի խորհրդակատարութեանց եւ հայրենասիրական ոգիով քարոզխօսութեանց մատակարարումով, այնուհետեւ նոր սերունդները իրենց հոգեւոր ծարաւը մայրենի եկեղեցւոյ աղբիւրէն գոհացնելու անկեղծ փափաքէն մղուած, արդար կերպով դարձան աւելի խստապահանջ, հոգեւորականին մէջ փնտռելով քաջ հովիւը, Կենաց Բանին քարոզիչը, Սուրբ Գրոց սերտողութեանց, պատանեկան ու երիտասարդական հոգեւոր զարգացման հաւաքներու կազմակերպիչը, ինչպէս նաեւ անձնական թէ ընտանեկան եւ բարոյական հարցերու խորհրդականը, եւն.։

Հոգեւորականէն պահանջուած այս արժանիքներու կողքին խիստ կարեւոր է, նախանձախնդրութիւնը՝ ծանօթացնելու ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդին մեր հայրերու հարուստ ժառանգը՝ Ծէս թէ Գրականութիւն, որ գրաբար լեզուով է, որպէսզի առաւել եւս հաղորդակից դառնայ Աստուծոյ։ Այս շրջագծէն ներս մեր հոգեւոր կեանքի առանցքը հանդիսացող Սուրբ Պատարագի լեզուն եւ տեւողութիւնը որքան ալ առիթ տուած է գանգատներու, երբ իր խորքով, ոգեղինութեամբ եւ այժմէականութեամբ բացատրուի, հաւատացեալներ գիտակցութեամբ եւ սիրով կը հաղորդուին խորհուրդին։

Բ․ Դրական այս իրողութեան դիմաց, սերնդափոխութիւնը զուգորդուելով աշխարհայնացումի հետ, որոշ վերիվայրումներ ստեղծած է։ Մինչ երէց սերունդին համար առաջնահերթութիւնը համայնքն էր, իր արդար ու համեստ վաստակէն բաժին հանելով իր եկեղեցւոյ, դպրոցին, կեդրոնին զարգացման ի խնդիր, նոր սերունդի մօտ շեշտուած է անձին բարօրութիւնը։ Նմանապէս երէց սերունդին մօտ պատասխանատուութիւն ստանձնելը բարոյական պարտականութիւն կը նկատուէր, մինչ նոր սերունդը կը խուսափի, երբեմն նոյնիսկ խզելով իր կապը համայնքի այն կառոյցներէն, որոնց բարերարները եղած են նոյնինքն իրենց ծնողները։

Այս իրադարձութիւնները հոգեւորականին առջեւ կը բանան լուրջ մարտահրաւէր, կամուրջ դառնալու սերունդներու միջեւ եւ երիտասարդութիւնը մօտեցննելու իր արմատներուն։ 

3 ՀԱՄԱՎԱՐԱԿ    

Բոլորիս ծանօթ է, որ Համավարակը լրիւ շրջեց դարերու վրայ զարգացած հոգեւոր, մտաւոր, ընկերային եւ այլ կառոյցներ եւ ապրելաձեւեր։ Կարելի չէ ուրանալ այն իրողութիւնը, որ ժխտականի կողքին այս աննախընթաց փորձառութիւնը ունեցաւ նաեւ դրական արդիւնք, զօրաշարժի ենթարկելով մեր մէջ գտնուող թաքուն կարողութիւններ։  Ճիշդ է, որ գիտական ու բժշկական, քաղաքական ու ընկերային համաշխարհային շփոթի ու անորոշութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը համայնքի կեանքէն ներս շեշտուեցաւ, եւ Եկեղեցին աստուածաշնորհ ռազմավարութեամբ հաւատարիմ մնաց Կենաց Ճշմարիտ Ճանապարհին, նոր ուղիներ որդեգրելով։ Այնուամենայնիւ, շուրջ երկու տարուան վրայ տարածուած նոր կարգերը սովորութեան վերածուելով անպաշտօն կերպով քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացքի մէջ են։ Հետեւաբար, կ՛ակնկալուի որ աւանդականը եւ նորարարութիւնը ամենայն ներդաշնակութեամբ օգտագործուելով, Եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր թափ տրուի։ Նման քայլ մը կը պահանջէ իմաստուն, խոհեմ եւ հեռատես ռազմավարութեամբ օժտուած եկեղեցականներ։  

  1. ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Յարատեւ զարգացող ընկերութեան հետ քայլ պահելու հիմնական գաղտնիքը կը մնայ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն մնայուն ինքնազարգացումը՝ բարձրագոյն ուսման, ինչպէս նաեւ անձնական ընթերցասիրութեան ճամբով։ Ինքնազարգացման պատուանդանը կը կազմէ մեր մշակոյթի եւ լեզուի քաջատեղեակութիւնը։ Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի»ն տայ կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, աւա՜ղ, այսօր առաւել եւս տխուր իրականութիւն դարձած է։ Հոգեւորականը, ինչպէս մշտարթուն դէտ կացուցուած է հոգիներու առողջութեան (Եզ 3.17), նմանապէս Սահակ եւ Մեսրոպ Մաշտոց մտքի Լուսաւորիչներէն ժառանգուած աւանդը՝ մանաւանդ արեւմտահայերէն լեզուով վառ պահելու նուիրական պարտականութիւնը, դարձած է Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան էական տարրը, եւ այդ նախանձախնդրութիւնը իր արտայայտութիւնը պարտի գտնել իւրաքանչիւր միաբանի կեանքին մէջ։

Ինքնազարգացումը չի սահմանափակուիր միայն մշակոյթի ոլորտով։ Հաստատ գիտենք, թէ արհեստագիտութեան եւ ընկերային փոխ-յարաբերութեան մէջ հսկայական փոփոխութիւններ եղան եւ շատ հաւանաբար յառաջիկայ տասնամեակները պիտի դառնան  նորանոր գիւտերով օժտուած արդիականացումի ժամանակաշրջան մը, տարբեր՝ աւանդական բոլոր հասկացողութիւններէն ու եղանակներէն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ պարտի պատրաստուիլ դիմակալելու փոխանցման այս շրջանը, գտնուելու համար առաջնորդողի գծի վրայ։

Վերեւ մատնանշուած երեւոյթները կու գան մեզի պատգամելու, թէ փոփոխուող ու նորոգուող աշխարհին մէջ hոգեւորականը պարտի Քրիստոսակեդրոն ինքնութեամբ լաւագոյնս ցոլացնել իր առաքելութիւնը։ Առ այդ՝ բարեպաշտ, զարգացած, հմուտ արհեստագիտութեան  եւ նախաձեռնող եկեղեցականի տիպարը լաւագոյնս կը յաջողի ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր եւ վաղը։ Մայրիներու երկրին մէջ կայք հաստատած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սիրտը հանդիսացող իննսունամեայ Զարեհեան Դպրեվանքին առջեւ կը բացուին նոր հորիզոններ, պատրաստելու նման մշակներ, եւ այդ պատրաստութեան լուծը քաղցր բեռն է բոլորիս՝ վանաբնակ թէ թեմական ծառայութեան մէջ գտնուող միաբաններուս, որպէսզի Սփիւռքի հիւծումի բոլոր սպառնալիքներուն դէմ Հայ Եկեղեցին մնայ Յոյսի եւ Կեանքի փարոս՝ առաջնորդելու ժողովուրդը առ Աստուած։