Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՑՈՐԵՆՆ ՈՒ ՈՐՈՄԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 10 Յուլիս)

Այսօր, Հոգեգալուստի տօնի վեցերորդ Կիրակիի աւետարանական ընթերցումը ծանօթ է որպէս ցորենի եւ որոմի առակը (Մտ 13 24-30), ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկնքի արքայութիւնը կը բացատրէ ցորենի եւ որոմի պատկերով։

Առակախօս մեր Տէրը աւելի ուշ կը մեկնաբանէ այս առակը (Մտ 13 36-43), այնուամենայնիւ, քանի մը մտածումներ կ՛ուզեմ բաժնել այս առթիւ։

ա․ Արտի տէրը, որ բարի սերմ կը ցանէ, կը ներկայացնէ այս հրաշալի տիեզերքի Արարիչը, որ սկիզբէն իսկ բարի որակեց իր ստեղծագործութիւնը (Ծն 1.4), որպէս արտացոլացումը իր իսկ բնութեան, որ սէր է եւ բարութիւն։

բ․ Թշնամին, որ որոմ կը ցանէ ցորենի արտին մէջ, Չարն է։ Բոլոր ժամանակներու անլուծանելի հարցերէն մէկը, որ այս առակին մէջ եւս կը յայտնուի, Չարի սկզբնաւորութիւնն է։ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը եթէ բարի է, ուրկէ՞ եկաւ չարը։ Կասկած չկայ, որ մեր կեանքի երկարութիւնը եթէ հազարապատկուի  անգամ, ո՛չ մէկ անձ պիտի կարենայ պատասխանը հայթայթել այս հարցումին, որ ծանօթ է միայն Աստուծոյ։ Այնուամենայնիւ, ծանօթութեան այն կաթիլը զոր կը ստանանք Սուրբ Գիրքէն՝ հաւատքի մեր աղբիւրէն, այն է, թէ Արարիչին բարձրագոյն գործակատարներէն մին, որ առաւօտեան աստղ՝ Արուսեակ անունով ծանօթ է (Ես 14.12), նաեւ որպէս այս աշխարհի Իշխանը (Յհ 14.30), խոտորեցաւ իր առաքելութենէն, Աստուծոյ կողմէ իրեն շնորհուած զօրութիւնը չարաշահելով։ Հպարտութիւն եւ նախանձ՝ մահացու այս զոյգ մեղքերով առաջնորդուած, ան փորձեց եղծել Աստուծոյ պատկեր եւ նմանութիւն եղող մարդ արարածը (Ծն 3.1-20)։

գ․ «Թշնամին որոմ կը ցանէ երբ ամէն ոք քնացած է»․ այս խօսքը կը բացայայտէ, թէ Չարը կը գործէ ծածուկ ձեւով։ Իսկ ծառաներուն քնացած ըլլալու ակնարկութիւնը ո՛չ միայն ֆիզիքականի, այլ նաեւ հոգեկանի կը վերաբերի։ Հոգեպէս արթուն ըլլալ կը նշանակէ քալել Աստուծոյ պատուիրաններուն մէջ՝ «Խօսքդ ճրագ է քայլերուս, լուսաւորող՝ ճամբաներուս» (Սղ 119.105)։ Չարին համար յաղթանակի ո՛չ մէկ պատեհութիւն կրնայ ըլլայ եթէ մենք հոգեպէս արթուն ըլլանք եւ հաւատքի վահանը գործածենք, ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս Առաքեալ, որով կը մարենք Չարին մխացող նետերը (Եփ 6.16)։ Իսկ երբ հոգեպէս քունի մատնուած ըլլանք, վար դրած կ՛ըլլանք պաշտպանութեան մեր վահանը եւ կը յանձնուինք մարմնական տկարութեան, որով Թշնամին կ՛օգտուի մեր անկարութենէն։ Այս սկզբունքը ի զօրու է ոչ միայն հոգեւոր մարտի, այլ նաեւ աշխարհիկ պատերազմներու մէջ, երբ կողմերէն մին հակառակորդին քունի պահուն յարձակում գործելով զայն պարտութեան կը մատնէ, ինչպէս կր կարդանք Դատաւորաց գրքին եօթներորդ գլխուն մէջ։

դ․ Արտի տիրոջ եւ իր ծառաներու դատողութիւնը յոյժ յատկանշական է։ Մինչ ծառաները պատրաստ են արմատախիլ ընելու որոմները, տէրը զիրենք կը հրաւիրէ համբերող ըլլալ։ Այս վերաբերումը զԱստուած բնորոշող յատկանիշերէն մին է, որ Եսայի մարգարէի միջոցաւ Ան կը յայտնէ, ըսելով «Իմ խորհուրդներս տարբեր են ձեր խորհուրդներէն, նմանապէս ձեր ճամբաները՝ իմինէս» (Ես 55.8-9)։ Այս վերաբերումը ամբողջական ճառագայթումը կը ներկայացնէ Աստուծոյ սիրոյն, հասկացողութեան, ներողամտութեան, համբերութեան։ Մինչ մարդոց համար ոյժը զօրութիւն է, Աստուծոյ համար սէրն է զօրութիւնը։ Անոր անսահման ներողամտութեան ու համբերութեան միակ նպատակն է մարդկային ցեղի փրկութիւնը, ինչպէս որ Եզեկիէլ մարգարէի բերնով կ՛ըսէ․ «Ես չեմ ուրախանար մեղաւորին մահով, այլ՝ անոր դարձով ու ապրելով» (Եզ 33.11)։

ե․ Արտի տիրոջ վճիռը՝ «Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակը. այն ատեն հնձուորներուն կ’ըսեմ.- Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ», անբեկանելի հեղինակութեան յայտարարն է։ Յստակ է, թէ Չարը իր հետեւորդներով ըստ ամենայնի կրնայ ուրանալ Բարձրեալին գերագահութիւնն ու զօրութիւնը, օգտուելով Անոր ներողամտութենէն եւ անսահման սէրէն։ Բայց եւ այնպէս այս ողբալի վերաբերումը ունի իր ծանրակշիռ գինը՝  անվերջանալի տառապանք, որ անպատմելի է, եւ անօգուտ զղջում, երբ դիմագրաւէ Նախախնամութեան արդար զայրոյթը։ Միւս կողմէ, աներեւակայելի վարձատրութիւն կը սպասէ բոլոր անոնց, որ պիտի մենաշնորհուին Անոր բարութեան շտեմարաններուն մէջ գտնուիլ, որ է յաւերժական ներկայութիւնը սիրայորդ Հօր մը, որ մեզ գոյութեան բերաւ, որպէսզի մեր ազատ կամքով եւ ցնծութեամբ Իր կամքը կատարելով  անգնահատելի բարութիւններով վարձատրուինք։

Երկրագործական աշխարհէն առնուած այս պարզ առակով, աստուածային իմաստութեամբ հերկենք մեր կեանքը, որ փոխաբերաբար  արտի պատկերով ներկայացուած է։ Միշտ զգոյշ եւ արթուն ըլլանք եւ մեր Խոնարհ Վարդապետին ուսուցումով պարտութեան մատնենք Չարի բոլոր մարտահրաւէրները, որ իր սերմերը՝ որոմները կը ցանէ մեր բնութեան մէջ երբ հոգեպէս քունի մատնուինք։ Միշտ աղօթենք, շնորհակալ ըլլանք մեր երկնաւոր Հօր, որ մեզի կը հայթայթէ մեր բոլոր պէտքերը իր Միածնին եւ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ, եւ փառաւորենք Ամենաասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։