Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. Տ. ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Ամենապատիւ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կատարած իր հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Կիրակի, Յուլիս 10ին, Սուրբ Պատարագ մատոյց Նիւ Ճըրզիի Նուիրական Սիրտ (Sacred Heart) Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Գանատայի եւ Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան սոյն Պատարագին հրաւիրուած էր նաեւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, որ միւռոնօրհնէքի առիթով երկրէն դուրս գտնուելով, պարտականութիւն տուած էր Թեմիս նորանշանակ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու՝ Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանին ներկայացնելու զինք։

Ամենապատիւ Պատրիարքը,  2021ի վերջաւորութեան Հռոմի մէջ ընտրուելէ ետք որպէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 21րդ Պատրիարք, իր առաջին հովուական այցելութիւնը կու տար Հիւսիսային Ամերիկայի իր հօտին։ Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, սուրճի հիւրասիրութեան սեղանին շուրջ, խօսք առաւ Տէր Ներսէսը եւ յանուն Թեմիս Առաջնորդին ջերմօրէն ողջունեց Պատրիարք Հայրը եւ ի սրտէ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը եւ յաջողութիւններ մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ այս դժուարին ժամանակներուն։