Տօներ

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

Կիրակի, 16 Յուլիսին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ իր երրորդ «տաղաւար»ը (մեծ տօնը)՝ մեր Տիրոջ Այլակերպութիւնը, որ նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով եւ կը նշուի Զատիկէն տասնչորս շաբաթ ետք։ Հետեւաբար, թուականը կրնայ տարուբերիլ 28 Յունիսէն մինչեւ 1 Օգոստոս։

Այլակերպումը տեղի ունեցաւ Թափօր լերան վրայ, ծանօթ՝ «Սրբազան Լեռ» անունով, ուր Յիսուս գացած էր իր երեք աշակերտներուն՝ Յովհաննէսի, Յակովբոսի եւ Պետրոսի հետ։ Անոր աղօթքի ընթացքին, «դէմքը արեւու նման փայլեցաւ եւ հագուստները լոյսի պէս ճերմակ դարձան»։ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները անոր կողքին յայտնուեցան։ Այդ պահուն, անոր երեւոյթը «այլակերպուեցաւ», ու Ան յայտնուեցաւ իր աստուածային փառքով աշակերտներուն, մինչ երկինքէն ձայն մը կը վկայէր. «Ասիկա իմ սիրեցեալ Որդիս է, որուն ես հաճեցայ։ Մտիկ ըրէք անոր»։ Յիսուս յորդորեց իր աշակերտները, որ չպատմեն իրենց տեսածը մինչեւ Իր Յարութիւնը։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վարդավառի նախաքրիստոնէական տօնը միացուց  Այլակերպութեան քրիստոնէական տօնին։ Հեթանոսական ժամանակներուն, հայերը սիրոյ, գեղեցկութեան, բեղմնաւորութեան եւ ջուրի աստուածուհի Աստղիկի տաճարը վարդերով կը զարդարէին, աղաւնիներ կը թռցնէին եւ ջրախաղեր կը կատարէին։ Հինգերորդ դարուն, Եղիշէ պատմիչը գրած է այս տօնին առիթով եկեղեցւոյ մէջ արտասանուող աղօթքը. «Օրհնեա՛, Տէր, զամս այս, եւ զպտուղ տարւոյս այսորիկ՝ պահելով անփորձ յամենայն ցասմանէ, լինելով աջ քո Տէր ի վերայ մեր ի սկզբանէ տարւոյս մինչեւ ցկատարումն» (Օրհնէ՛, Տէր, այս տարին, եւ պտուղն այս տարուան՝ պահելով անփորձ ամէն վտանգէ, քու աջը ըլլալով մեր վրայ՝ տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը)։

Վարդավառը ուխտագնացութեան աւանդական տօն դարձած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անունը կրող եկեղեցիներուն։ Ամենէն հռչակաւոր ուխտավայրը Տարօն գաւառի Մշոյ Ս․ Կարապետն էր, հիմնուած՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ («Կարապետ» բառը կը նշանակէ ռահվիրայ՝ ճամբայ բացող, Յովհաննէս Մկրտիչի ակնարկութեամբ)։ Ընդարձակ վանքը կառուցուած էր ամրոցի մը պէս լեռներուն մէջ։ Աւելի քան հազար ուխտաւոր կրնար ընդունիլ: 1915էն ետք, համալիրը գոյութիւն ունենալէ դադրած է: Վանքը քանդուած է թրքական բանակին կողմէ, որուն գործը ամբողջացուցած են ժամանակը, եղանակը եւ աւազակները։

Այս Կիրակի անուան տօնն է բոլոր անոնց, որոնք կր կրեն հետեւեալ անուններէն մէկը՝ Վարդավառ, Վարդ, Վարդուհի, Վարդանոյշ, Վարդիվառ, Վարվառ, Վարդգէս, Ալվարդ, Սիրվարդ, Լուսվարդ, Հայվարդ, Պայծառ։