Տեղին է երախտագիտութիւն յայտնել «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի դասատուներուն եւ խորհրդականներուն, որոնք սիրայօժար իրենց աշխատանքով ծառայեցին մեր պատանիներուն իբրեւ ուսուցիչ, ուղեցոյց, խորհրդական, վերակացու, խնամատար, նուիրելով իրենց ժամանակը, ուժը, դրամ եւ տաղանդը։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, ամառնային լսարանը շուրջ 100 ժամ դասաւանդութիւն կատարեց, հինգ մակարդակներէն իւրաքանչիւրին 20 դասապահ մատուցելով։ Լսարանը նաեւ առաւօտեան եւ երեկոյեան աղօթքներով մեր պատանիներուն յատուկ առիթ տալով մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր գանձերուն հաղորդուելու։ Օրուան ժամանակացոյցին իբրեւ հակակշիռ, յետմիջօրէներուն մասնակիցները զանազան խաղերու եւ մրցումներու մասնակցեցան, ինչպէս եւ պտոյտներու։ Այս բոլորը կարելի եղաւ Ազգային Առաջնորդարանի, անձնակազմի, ծուխերու, ծնողներու եւ լսարանի բարեկամներու եւ աջակիցներու համագործակցութեամբ։
Այս տարուան անձնակազմը բաղկացած էր հետեւեալ անձերէն. Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան (տնօրէն), Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան, Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան, Տ. տոքթ. Վահան Գույումճեան, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան (դասատուներ), Յարութ Սրկ. Թագւորեան (խորհրդական), տոքթ. Արի Սրկ. Նալպանտեան (դաատու եւ խորհրդական), Երէցկին Մակի Գույումճեան (դասատու եւ խորհրդական), Անոյշ Գույումճեան (դասատու եւ խորհրդական), Արամ Գույումճեան (խորհրդական), Թամար Լագիսեան (խորհրդական) եւ Անի Նալպանտեան (դասատու եւ խորհրդական)։
Լսարանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն ծուխերուն, որոնք ծախսերուն մէկ մասը հոգացած են՝ կրթաթոշակներ մատակարարելով եկեղեցւոյ ծառայ մասնակիցներու (կարգ մը եկեղեցիներ լիագումար կրթաթոշակներ մատուցած են), ինչպէս եւ հետեւեալ միութիւններուն եւ անհատներուն իրենց նուիրատուութիւններուն համար՝ ՀՕՄի «Անի» եւ «Արտեմիս» մասնաճիւղեր (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվանիա), Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. եւ Երէցկին Անի Թրթռեան, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. եւ Երէցկին Օժէն Լագիսեան, տոքթ. Արի եւ Անի Նալպանտեան, Արա Պետերճիկեան, Արամ Գույումճեան, Թամար Լագիսեան, տոքթ. Ալթա Միքայէլեան եւ Սինթիա Փափազեան։ Յատուկ շնորհակալութիւններ նաեւ Արժպ. Տ. Վահան եւ երէցկին Մակի Գույումճեաններուն իրենց նուիրատուութեան եւ երկու զբօսապտոյտներու հովանաւորութեան համար, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանին, ու հոգաբարձութեան իրենց հիւրասիրութեան համար։