ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ՝ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 17 Յուլիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ջրօրհնէքի յատուկ արարողութեան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ջուրը օրհնուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնով, որ նոր օծուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կողմէ՝ անցեալ Յուլիս 1ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Միւռոնօրհնէքին։
Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, մատոյց Ս. Պատարագը, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Ս. Պատարագէն ետք, «Փաշալեան» սրահին մէջ, դոկտ. Եզրաս Սրկ. Թելլալեան ներկայացուց Արցախեան 2020ի պատերազմին նուիրուած լուսանկարներու եւ խոհերու իր անգլերէն հատորը՝ “Humanity during War: Artsakh 2020”, եւ խօսեցաւ հաւատքի, վկայութեան եւ ծառայութեան իր իմաստալից ու խորապէս յուզիչ ճամբորդութեան մասին՝ Հայաստանի ու Արցախի ընդմէջէն, պատերազմի ընթացքին ու անկէ ետք։ Տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրութիւն։
Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Բարշ. Եզրաս Սարկաւագը իր իւրայատուկ յանձնառութեան համար, կիսելով արցախցիներու տառապագին փորձառութիւնը մահուան սպառնալիքի տակ եւ մեզի բերելով դիմադրութեան, տոկունութեան եւ յոյսի պատգամը։
“Humanity during War: Artsakh 2020” հատորէն օրինակներ տրամադրելի են Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։ Գինը 40 տոլար է։ Եկամուտը պիտի տրամադրուի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու։