Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԲՈՒԺՈՂԸ ԵՒ ԿԵՐԱԿՐՈՂԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 17 Յուլիս)

Այսօր, Հոգեգալուստի տօնի եօթներորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մտ 14:13-21, ուր կը կարդանք հինգ ձուկի ու երկու հացի բազմապատկումով հինգ հազարի կերակրման հրաշքի  մասին։

Մարդկային կարիքներու դիմաց աստուածային պատասխանը հանդիսացող այս դրուագին ընդմէջէն, հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։

ա․ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին հետեւող Ժողովուրդի խուռներամ բազմութիւնը մեր առջեւ կը պարզէ հոյակապ տեսարան մը։ Որքան որ անոնք հրաշագործի մը կը հետեւէին, նոյնքան եւ Մէկու մը, որ պիտի յագեցնէր իրենց հոգեւոր ծարաւը, ինչ որ ժամանակակից առաջնորդները չէին կրնար հայթայթել։

բ․ Յիսուս երբ ժողովուրդը կը տեսնէ, ջերմ եւ գուրգուրոտ վեաբերմունք ցոյց կու տայ համաձայն Աւետարանիչի նկարագրութեան, որ կ՛ըսէ. «Ան գթաց անոնց վրայ»։ Աստուծոյ վերագրուած հազար ու մէկ ստորոգելիներէն մին է Գթութիւնը, ինչ որ կ՛արտայայտէ Անոր սիրոյն խորքը, էութիւնը։ Աստուած այնքան կը հոգայ մարդկութեան վրայ, որ Ան կը ցաւակցի մեր հետ եւ կը տառապի մեր տկարութեանց համար, իսկ մենք դժբախտաբար չենք անդրադառնար այս իրողութեան։ Աստուծոյ գթասրտութիւնը յայտնուեցաւ նոյնիսկ մեր նախածնողաց անկումէն անմիջապէս ետք, երբ Ան յատուկ ծածկոյթ հայթայթեց անոնց, եւ ի լրումն ժամանակին չխնայեց նոյնիսկ Իր Միածինը, որպէսզի մարդը վերականգնէ իր նախնական պատիւին մէջ, եւ ան վայելէ ի սկզբանէ ծրագրուած յաւերժական կեանքը եւ ուրախութիւնը։

գ․ Մեր Տիրոջ պատասխանը՝ «դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը», իրա՛ւ որ ապշեցուցիչ է, եւ միաժամանակ կը ցոլացնէ մարդկային եւ աստուածային մօտեցումը տագնապի մը դիմաց։ Մինչ մարդ արարածը նման պարագայի կը փորձէ ինքզինք հեռու պահել պատասխանատուութենէ, Աստուած, ընդհակառակը, Ինքզինք կը նոյնացնէ տագնապեալին հետ եւ, բեռը կրելով, կը սորվեցնէ մեզի, որ լուծում գտնող ըլլանք եւ ո՛չ՝ տուեալ կացութենէն խուսափող։ Այս գերագոյն զոհողութեան հարազատ մանրանկարը կը տեսնենք ծնողական սիրոյն մէջ, որ անսակարկ կերպով յանձնառու կ՛ըլլայ զաւակ մը փրկելու անհաճոյ վիճակէ։

դ․ Քրիստոսի հետեւող բազմութիւնը, ինչպէս վերեւ նշեցինք, երկու ակնկալութիւն ունէր՝ բուժել եւ սորվիլ, բայց ո՛չ երբեք կերակրուիլ։ Ասիկա լաւագոյն ապացոյցն է, որ երբ մենք մասնակին խնդրենք Աստուծմէ, Ան աւելին՝ ամբողջականը կը պարգեւէ մեզի։ Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերու գիրքին մէջ, որ ծանօթ է Մաշտոց անունով, բժշկութեան աղօթքին մէջ կը կարդանք հետեւեալը․ «Դո՛ւն ես մեր կեանքը եւ փրկութիւնը, բարիքներուն պարգեւիչ Աստուածը, միայն Դուն կրնաս ներել մեր մեղքերը եւ ցրուել ցաւերն ու հիւանդութիւնները, եւ Քեզի ծանօթ են մեր բոլոր կարիքները»։ Արդարեւ, Աստուած կ՛անդրանցնի մեր բոլոր ակնկալութիւնները եւ առատապէս կը պարգեւէ Իր բարիքները աւելին քան զոր կը խնդրենք ու կ՛իմանանք։

ե․ Ինչ որ մենք «հրաշք» կը կոչենք որպէս անկարելի եւ անըմբռնելի, բնական օրէնքն է Աստուծոյ կամքի գործադրութեան։ «Անկարելի» բառը, արդարեւ, կը մատնանշէ մարդկային կարողութեանց սահմանափակումը․ երբ զուգորդուի Աստուծոյ կամքին, այսպէս կոչուած բնութեան օրէնքը կ՛ենթարկուի Օրէնսդիրի կարգաւորութեան եւ անկարելին կը դառնայ կարելի, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ (Մտ 19.26), որով անարժաններս կը դառնանք գործակիցները Երկնաւոր Հօր։

Բացառիկ ու գերերջանիկ այս պատիւէն օգտուելով, առանց տատամսումի եւ կասկածի, անապատացած մեր սրտերուն մէջ հետեւինք Բարի Վարդապետին, որպէսզին Երկնաւոր Հացը սնանեցնէ մարմնի, մտքի ու հոգիի մեր եռեակ անօթութիւնը, եւ մենք գոհութեամբ սրբաբանենք Ամենակալ Հայրը, Գթառատ Իր Որդիով եւ Մխիթարիչ Սուրբ Հոգիով․ ամէն։