(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 31 Յուլիս)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպման տօնին երկրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մտ․ 18.10-14։ Մեր Տէրը կը սորվեցնէ չարհամարհել մանուկները, ազդարարելով որ անոնց հրեշտակները միշտ Աստուծոյ ներկայութեան կը գտնուին։ Այս առթիւ, նաեւ առակ մը կը պատմէ ոչխարի մը մասին, որ կը մոլորի իր հօտէն։ Հովիւը փնտռելու կ՛ելլէ կորուսեալ ոչխարը, եւ երբ կը գտնէ, կ՛ուրախանայ եւ բարեկամները կը հրաւիրէ խնդակից ըլլալու իրեն։ Յիսուս, առակը եզրափակելով, կ՛ըսէ․ «Ձեր Հօր կամքը այն է, որ այս փոքրերէն մէկը չկորսուի»։
Խաշնարածի կեանքէն առնուած պարզ դրուագ մըն է այսօրուան մեր աւետարանական սնունդը, որմէ հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։
ա․ Երկնաւոր Վարդապետը այս առակով նախ մեր ուշադրութեան առարկան կը դարձնէ հովիւին արթնամտութիւնը։ Անմիջապէս որ ան կը նշմարէ ոչխարներէն միոյն բացակայութիւնը, գործի կը լծուի, ապահովելէ ետք իր իննսունինը ոչխարներուն ապահովութիւնը, ինչ որ լռելեայն կը հասկցուի, եւ կորուսեալը փնտռելու կ՛ելլէ։
բ․ Ոչխարը, թէեւ մոլորած էր, բայց յոյժ բախտաւոր էր որ մութը չկոխած, կամ կեանքին սպառնացող վտանգի մը չհանդիպած, իր տիրոջ կողմէ կը գտնուի։
գ․ Ոչխարը կը վերադարձուի փարախը, շնորհիւ հովիւի յանձնառութեան՝ վտանգելու աստիճան իր կեանքը։ Երբ ան կը գտնէ մոլորեալը, կը հրաւիրէ բարեկամները որ բաժնեկից ըլլան իր ուրախութեան, ոչխարը ողջ-առողջ գտնելուն առթիւ։
Այս պարզ առակը լուսարձակի տակ կը բերէ իւրաքանչիւր անհատի անփոխարինելի արժէքը։ Դժբախտաբար, մեր ընկերութիւնը այնքան ներծծուած է համաշխարհայնացումի եւ մեծաքանակ արտադրութեան լոզունգներէն, որ մոռցած ենք անհատի կամ պզտիկ բանի մը կարեւորութիւնը։ Աստուծոյ համար իւրաքանչիւր անձ՝ մեծ կամ մանաւանդ փոքր, անգին է, որովհետեւ ստեղծուած է իր պատկերով ու նմանութեամբ (Ծն 1.27)։
Աստուած՝ գերագոյն Հովիւը, մշտարթուն է։ Հայ եկեղեցւոյ հոգեշունչ շարականներէն մին այսպէս կը նկարագրէ աստուածային այս բնութիւնը․ «Քու Աջ ձեռքիդ հովանին թող պահպանէ մեզ, եւ Ան որ կը հովուէ Իսրայէլը երբե՛ք չի քնանար»։ Աստուած իր առաջին ձեռակերտը փնռեց անոր մեղանչումէն ետք եւ հարց տուաւ․ «Ո՞ւր ես Ադամ» (Ծն 3.9)։ Ան հարցաքննեց Կայէնը իր եղբօր սպանութենէն անմիջապէս ետք (Ծն 4.9)։ Ան Մովսէսին ըսաւ․ «Եգիպտոսի մէջ եբրայեցիներու աղաղակը մինչեւ Ինծի հասաւ» (Ելից 3.7-14)։ Նմանապէս բոլոր դարերուն մարգարէներու միջոցաւ իր պատգամն ու սպառնալիքը փոխանցեց Իր ընտրեալ ժողովուրդին, իսկ ի լրումն ժամանակի, Հայրը զոհագործեց իր Միածին Որդին (Եբր 1:1)։
Մինչ առակին մէջ նկարագրուած հովիւը փնտռելու ելաւ մոլորեալ ոչխարը, զայն գտնելէն ետք իր ուսերուն վրայ առնելով, զայն հօտին վերադարձուց եւ բարեկամները հրաւիրեց խնդակցելու իրեն, իսկ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ոչ միայն իր կեանքը վտանգեց, այլ տառացի կերպով իր կեանքը զոհեց, իր ուսերուն վրայ առաւ Փրկութեան գործիքը, եւ մոլորեալ մարդկութիւնը վերադարձնելով երկնաւոր Հօր հօտին, Երկնայիններուն հետ տօնախմբեց երկրայիններուն փրկութիւնը։
Շատ յաճախ սովոր ենք մոլորեալ ոչխարը զուգորդելու երիտասարդութեան հետ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր, հետեւելով իրենց կամքին ու տենչանքներուն, դուրս կու գան հայրական՝ ընտանեկան փարախէն։ Բայց զգո՜յշ, անկախ տարիքի, սեռի ու ցեղի տարբերութիւններէ, այս առակի պատգամը առանց բացառութեան ուղղուած է բոլորիս, որպէս Երկնաւոր հովիւին բանաւոր հօտի անդամներ։ Ինչպէս որ մեղքերու խոստավանութեան մէջ կ՛արտասանենք՝ «մեղանչեցի գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար, կամովին թէ ակամայ», տարբեր պատճառներով բոլորս ալ ակնթարթի մէջ կրնանք մոլորիլ, եւ այս աշխարհի գայլերը՝ ոչխարի մորթով մոլորեցնելով (Մտ 7.15), ուրախութեամբ կը դիմաւորեն մեզ՝ շուտով կորստեան մատնելու համար զմեզ։
Կորսուած ու գտնուած ոչխարի այս առակը կեանքի մէջ յաճախ ուրախ աւարտ չունենար։ Մոլորած ու գտնուած ոչխարը՝ մարդ արարածը, իր տկար բնութեան պատճառաւ դժբախտաբար հակամէտ է կրկին ու կրկին մոլորելու։ Մեր փրկութեան համար Խաչի վրայի Զոհը յաճախ մոռացութեան կը տրուի, եւ ձրիաբար տրուած Շնորհքը կ՛անտեսուի։ Այսօր, Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ բոլորս ՝ որպէս մարմնաւոր, մտաւոր ու հոգեւոր ոչխարներ, Երկնաւոր Հովիւի տեսողութեան շրջագծին մէջ արածելու, որպէսզի մնանք միշտ ապահով ու առողջ եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։