ՆՈՒԱՐԴ ԶԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 6 Օգոստոս, 1917)
Նուարդ Զարեան սփիւռքահայ կին քանդակագործներու շարքին առաջնակարգ անուններէն մէկն էր, եւ յայտնի դարձած է Իտալիոյ մէջ, ուր ծնած եւ կեանքի մեծագոյն մասը ապրած է։
Նուարդ Զարեան ծնած է 6 Օգոստոս, 1917ին, Ֆլորանսի մէջ։ Երրորդ զաւակն էր մեծատաղանդ գրագէտ Կոստան Զարեանի (1885-1969) եւ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի (1887-1962)։ Հետեւած է ընտանիքի թափառական կեանքին (Պոլիս, Երեւան, Փարիզ, Վենետիկ)։ 1931ին Զարեան ընտանիքը հաստատուած է Միլանի մէջ, ուր պատանի Նուարդը նկարչութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է 17 տարեկանին։ 1934-1935ին ուսանած է Միլանի «Պրերայի դպրոց»ին մէջ, ուր աշակերտած է քանդակագործ Ատոլֆ Վիլթին, որ իրեն խորհուրդ տուած է նկարչութիւնը փոխարինել քանդակագործութեամբ։ Ուսումը շարունակած է Վենետիկի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ (1935-1940) եւ այնուհետեւ շրջանաւարտ եղած է Հռոմի գեղարուեստի ակադեմիայէն։
Իբրեւ արուեստագէտ, առաջին անգամ մասնակցած է Հռոմի քառամեայ ցուցահանդէսին, 1938ին, ուր կրկին երեւցած է 1942ին, 1948ին եւ 1952ին։ Առաջին անգամ առանձին ցուցահանդէս ունեցած է 1945ին, Հռոմի մէջ։
Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Նուարդ Զարեան եղած է միակ հայ կինը, որ մասնակցած է իտալական դիմադրական շարժումին, մինչեւ 1943ի վերջերը։ 1944-1945էն սկսեալ, զբաղած է միայն քանդակագործութեամբ։ Մասնագիտացած է մեծածաւալ գործերու մէջ, յատկապէս ներկայացնելով կնոջական տարբեր նիւթեր եւ զգացողութիւններ։
1951ին, Նուարդ Զարեան բացած է La Cassapanca պատկերասրահը Հռոմի մէջ ու զայն գլխաւորած է յաջորդ 30 տարիներուն։ Հոն ունեցած է հինգ անհատական ցուցահանդէսներ 1950-1970ական թուականներուն։ Ցուցահանդէսներ տուած է Հռոմի, Մոտենայի, Երեւանի (1964 եւ 1970), Միլանի, Գոփենհակընի, Վիեննայի, Օսլոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ 1951ին, Իրանի կառավարութեան պատուէրով, Ռեզա շահի (1925-1941) դիմանկարը ստեղծած է դամբարանին համար։ 1961ին Հայաստան այցելած է հօր՝ Կոստան Զարեանի հետ։ 1965ին սկսած է քանդակագործութիւն դասաւանդել Հռոմի գեղարուեստական լիկէոնին մէջ։
1980ական թուականներու վերջերուն, փոխադրուած է Սանթա Մարինելլա համայնքը՝ Հռոմէն 37 մղոն հեռու, ամուսնոյն՝ իտալացի քանդակագործ եւ լրագրող Մարիօ Չիմարայի (1913-1992) հետ։ Վերջինիս մահէն ետք, շարունակած է իր գեղարուեստական աշխատանքը եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը։ Անոր մէկ քանդակը զետեղուած է համայնքի յատկապէս ստեղծուած հրապարակի մը վրայ։ Մահացած է 31 Յունուար, 2005ին, Սանթա Մարինելլայի մէջ։