Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹԻՒՆԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Երկու տարի առաջ՝ 4 Օգոստոս, 2020ին, տեղի կ՚ունենար ահաւոր պայթիւն մը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, որ նիւթական հսկայական աւեր պատճառեց քաղաքին՝ 220 մեռեալի եւ 6.500 վիրաւորի կողքին։ Այս դժբախտ պատահարը, որ պատմութեան ոչ-կորիզային ամենէն հզօր պայթիւններէն մէկն էր, կու գար գումարուելու երկրի տնտեսական եւ քաղաքական սուր տագնապին։ Երկրորդ տարելիցին, մեր խոհն ու աղօթքը կը բարձրացնենք Լիբանանի վերաշինութեան, որ մեր ժողովուրդի օթեւան հանդիսացած է 1915ի Մեծ Եղեռնէն ետք, եւ անոր տառապած բնակչութեան ֆիզիքական ու հոգեկան բուժման ի խնդիր։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն ծննդավայրն է Լիբանանը, ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնէ մեր բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք սիրայօժար նուիրատուութիւններ կատարած են ու կը կատարեն այս դժուարին ժամանակներուն մեր լիբանանահայ եղբայրներուն ի նպաստ։