ՆԱՒԱՍԱՐԴԻ ՍԿԻԶԲԸ (Ք.Ա. Օգոստոս 11, 2492)
Ամէն տարի, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան ափերուն, ինչպէս եւ աշխարհի զանազան հայաշատ համայնքներու մէջ, ՀՄԸՄը (Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն) կը կազմակերպէ Նաւասարդեան խաղերը։ Անոնք կը պահեն հնագոյն Նաւասարդի տօներու ոգին, նոյնիսկ եթէ թուականը՝ Ամերիկայի մէջ, Յուլիս 4ի շաբաթավերջը դարձած է, փոխանակ բուն թուականին՝ 11 Օգոստոսը։
Երկար դարեր, ամէն տարիքի ու դասակարգի հայեր մասնակցած են Նաւասարդի տօներուն, բայց միայն մասունքներ անոր պատմութենէն վերականգնուած են՝ շնորհիւ պատմական աղբիւրներու եւ ազգագրական հետազօտութիւններու։ Նաւասարդի տօնը նշուած է մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը՝ Ղարաբաղի, Զանգեզուրի, Ագուլիսի, Սալմաստի, Ալաշկերտի եւ այլ վայրերու մէջ։
Նաւասարդ կը կոչուէր հին հայկական օրացոյցի առաջին ամիսը (11 Օգոստոս-9 Սեպտեմբեր), իսկ ամսուան առաջին օրը Նոր Տարի կը համարուէր, համապատասխանելով 11 Օգոստոսին գրիգորեան օրացոյցին մէջ։ Այդ օրը կը նշուէր հայոց պատմութեան սկիզբը՝ Հայկ Նահապետի յաղթանակը Բէլի վրայ։ Այսօր, 11 Օգոստոս 2022ին, ըստ «Հայկեան տոմար»ին կամ «բուն հայկական տոմար»ին, հայկական 4515 թուականի Նաւասարդի 1ն է։
Հին ժամանակներուն, Նաւասարդեան տօնի կեդրոնական հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենային Բագաւան քաղաքին մէջ, որ կը համարուէր հեթանոսական աստուածներու բնակավայրը։ Անոր սկիզբը կը նշուէր Նաւասարդեան փողի հնչիւններով։ Տօնախմբութիւնը կը տեւէր եօթը օր, ինչ որ հաւանաբար կը հետեւէր հին ժամանակներու ծանօթ եօթը երկնային մարմիններու գոյութեան (առաջին հինգ մոլորակները, արեւը եւ լուսինը)։ Այդ աւանդութիւնը ցոլացած էր Նաւասարդի սեղանին վրայ իւրաքանչիւր ուտելիքի եօթը տեսակներու ներկայութեամբ, ինչպէս եւ եօթը տարբեր կենացներ ըսելու սովորութեամբ։
Տարբեր աւանդութիւններ կը պահպանուէին, ինչպէս՝ այցելել այն տուները, ուր մահ տեղի ունեցած ըլլար նախորդ տարին եւ բաժակ մը խմել՝ ողորմաթաս անունով, ի յիշատակ հանգուցեալին։ Կարմիրը Նաւասարդի գոյնն էր՝ երջանկութեան իմաստով։ Կարմիր ժապաւէններ ու զարդարանքներ կախուած կ՚ըլլային տուներու եւ ծառերու վրայ։ Նուէրներ եւ ուտելիքներ, շրջապատուած՝ ոսկեայ մոմերով, կը ղրկուէին դրացիներու, բարեկամներու եւ ծանօթներու։
Նաւասարդի օրը տեղի կ՚ունենային մատաղներ՝ աստուածները հաճոյացնելու համար, բեղունութեան եւ սիրոյ ակնկալիքներով նոր տարուան առիթով։ Երաժշտութեան եւ ուտելիքի կողքին, յատուկ նշանակութեան ունէին Նաւասարդեան խաղերը, որոնք կը նմանէին յունական Ողիմպիական խաղերուն։ Անոնց մաս կը կազմէին զանազան մրցավազքեր, սրամարտեր, նետաձգութիւններ, ձիարշաւներ, կառքերու մրցումներ եւ այլն։
Նաւասարդ բառը պարսկական ծագում ունի (նաւ «նոր» եւ սարդ «տարի»)։ Պարսկական նոր տարին՝ Նովրուզը (պարսկ. «նոր օր»), որ կը տօնուի Մարտ ամսուն, որոշ նմանութիւններ ունի Նաւասարդին հետ։
2009ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը որոշում մը վաւերացուց, ըստ որուն Օգոստոս 11ը հայ ազգային ինքնութեան օր կը հռչակուէր։ 2007էն սկսեալ (հայկական 4500 թուականը), Արժանթինի հայ համայնքը կանոնաւոր կերպով կը տօնէ Նաւասարդը։ Նկարին մէջ կը տեսնենք այս տարուան Նաւասարդեան տօնը Պուէնոս Այրէսի մէջ (Շաբաթ, 6 Օգոստոսին), Նաւասարդի փողի հնչիւններուն տակ։