ՌԷՅՄՈՆՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ (16 Մարտ, 1936 – 3 Օգոստոս, 2022)
Տոքթ. Ռէյմոնտ Վահան Տամատեան, որ հնարած է մագնիսական արձագանգման առաջին մեքենան (magnetic resonance imaging – MRI), իր մահկանացուն կնքած է 3 Օգոստոսին, Նիւ Եորքի մէջ, 86 տարեկանին։
Տոքթ. Տամատեան Ազգային Առաջնորդարանի «տարուան մարդ» հռչակուած էր 2001ին եւ անդամ էր Ամերիկահայ Բժիշկներու Կազմակերպութեան, որուն 2009ին կազմակերպած համաշխարհային համագումարին գլխաւոր բանախօսը եղած էր։ 2019ին այցելած էր Հայաստան։
Տամատեան ծնած էր Նիւ Եորք, 16 Մարտ, 1936ին։ Ուիսքանսըն-Մէտիսըն համալսարանի թուաբանութեան ճիւղը աւարտած է 1956ին եւ բժշկական աստիճանը ստացած է Նիւ Եորքի Ալպերթ Այնշտայն բժշկական գոլէճէն (1960)։ Ամուսնացած է Տոնա Թերրիի հետ եւ ունեցած՝ երեք զաւակ։
Կորիզային մագնիսական արձագանգման առաջին փորձարկումներէն ետք, Տամատեան անոր հիմամբ մարմինը նկարող գործիքի առաջին առաջարկը կատարած է 1969ին։ Ան յայտնաբերած է, որ ուռուցքներն ու բնականոն հիւսկէնները կարելի է զանազանել՝ կորիզային մագնիսական արձագանգման միջոցով։ 1977ին, առաջին անգամ ըլլալով մարդկային լման մարմին մը նկարած է՝ քաղցկեղի ախտաճանաչում կատարելու համար։ Հնարած է գործիք մը եւ մեթոտ մը՝ կորիզային մագնիսական արձագանգումը ապահով կերպով գործածելու համար։
Տոքթ. Տամատեան բազմաթիւ մրցանակներու եւ գնահատականներու արժանացած է իր գիւտին համար։ 1989ին ընդունուած է Միացեալ Նահանգներու գիւտարարներու համբաւի սրահին մէջ։
2003ին, բժշկութեան Նոպէլեան մրցանակին արժանացած են Փօլ Լօթըրպըր եւ սըր Փիթըր Մէնսֆիլտ՝ մագնիսական արձագանգման վերաբերեալ իրենց գիւտերուն համար։ Թէեւ Նոպէլեան մրցանակի օրէքները կը թոյլատրեն, որ մինչեւ երեք հոգի մրցանակի արժանանան, Տամատեան չէ ստացած մրցանակը։ Նոպէլեան մրցանակի յայտարարութենէն առաջ, տարիներով բանավէճ մը եղած էր, թէ ով ի՞նչ բաժին ունեցած էր մագնիսական արձագանգման պատկերումի զարգացման մէջ, եւ գիտական համայնքին մէջ շատեր զգացած էին, որ երկար ժամանակ այս գիւտը Նոպէլեան մրցանակի արժանացած չէր Տամատեանի դերին շուրջ ընթացող բանավէճին պատճառով։
Թաղումը տեղի ունեցած է 8 Օգոստոսին, Տիքս Հիլզի (Նիւ Եորք) աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն տոքթ. Ռէյմոնտ Տամատեանի ընտանիքին եւ հարզատներուն։ Թող Աստուած մխիթարէ զիրենք եւ հանգիստ պարգեւէ անոր հոգիին։