ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՂԷՏԱԼԻ ՊԱՅԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթիւնը ցարդ 12 մահ եւ 62 վիրաւոր պատճառած է, իսկ երկու հոգի անհետացած են։ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւնները երկու օրուան սուգ հռչակած էին մինչեւ 18 Օգոստոս։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Արեւելեան Թեմի ընտանիքը կ՚աղօթեն զոհերու հոգիներուն համար եւ արագ ապաքինում կը մաղթեն բոլոր վիրաւորներուն։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հրահանգած է, որ Կիրակի, 21 Օգոստոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ կատարուի զոհերուն համար։