Մեր ծուխերէն

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ (ՓՐԱՒԻՏԸՆՍ) «ԱՂ ԵՒ ԼՈՅՍ» ԽՄԲԱԿԻ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ

Հինգշաբթի, 11 Օգոստոսին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Աղ եւ լոյս» երիտասարդ առաքելութեան խմբակը հաւաքուեցաւ Քրանսթըն քաղաքի Mulligan’s Islandի մէջ՝ ընկերական երեկոյ մը անցընելու եւ miniature golf խաղալու։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, ընկերացաւ պատանիներուն եւ վարիչներուն իրենց հաւաքոյթին, որ այնուհետեւ շարունակուեցաւ պաղպաղակով։

Աշնան, «Աղ եւ լոյս»ի խմբակը պիտի սկսի հաւաքոյթներու նոր շրջանին եւ առ այդ կը հրաւիրէ համայնքի բոլոր պատանիները միանալու՝ մեր հաւատքի մասին իմաստալից խօսակցութիւններ ունենալու համար։