Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՆԱՒԱՐԿԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 28 Օգոստոս)

Վերափոխման տօնի երրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մարկոս 4.35-41։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս առաքեալներուն հետ նաւով Գալիլիոյ լիճին, որ նաեւ ծով կ՛անուանուի, մէկ ափէն միւսը կը նաւարկէ։ Յիսուս, յոգնած ըլլալով, նաւուն յետսակողմը կը քնանայ։ Անակնկալ փոթորիկ մը կատաղի ալիքներով կը սպառնայ նաւը իր ճամբորդներով ընկղմեցնել։ Առաքեալները՝ որպէս վարժ ձկնորսներ՝ պատրաստ ամէն անակնկալի, ամենայն վստահութեամբ կը փորձեն առանձինն յաղթահարել այս սպառնալիքին, բայց երբ կը գիտակցին որ անկարող են, մեղադրական ոճով մը կը դիմեն Յիսուսին. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ որ կը կորսուինք»։ Յիսուս, ոտքի ելլելով, կը սաստէ հովը, ըսելով՝ «Դադրէ՛», իսկ լիճին կ՛ըսէ՝ «Հանդարտէ՛»: Հովը կը դադրի եւ կատարեալ հանդարտութիւն կը տիրէ: Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւին հաւատք չունի՞ք»: Անոնք չափազանց վախցած իրարու կ’ըսեն. «Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն»:

Այս հատուածը կարդալով, կը տեսնենք, թէ ինչպէս աստուածային զօրութիւնը, ներդաշնակուելով մարդկային երկիւղին եւ փոթորիկին ու ծովուն հետ, խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։ Կ՚ուզեմ հետեւեալ մտածումները բաժնել ձեզի հետ։

ա. Որքան աւելի կարդանք Քրիստոսի կատարած հրաշքներու մասին, նոյնքան եւ աւելի մեր գիտակցութիւնն ու համակ էութիւնը կը պարուրուին երկիւղալի սքանչացումով, առաքեալներուն հետ ականատես ըլլալով, թէ ինչպէս Ան հեղինակութիւն ունի ամէն բանի վրայ՝ մարդոց, դեւերուն, իսկ այս պարագային՝ նոյնիսկ բնութեան օրէնքը կ՛ենթարկուի Գերագոյն Օրէնսդրին։

Հրաշքները միշտ արժանի են սքանչացումի, եւ անոնց ազդեցութիւնը անառարկելի է բոլոր դարերու մարդոց վրայ։ Եկեղեցին, սակայն, անոնց ընթերցումին մէջէն կը միտի ո՛չ թէ զգայնութիւններ յառաջացնել, այլ կը հրաւիրէ մեզ որպէսզի խորհրդածենք մեր յարաբերութեան մասին Աստուծոյ հետ, որուն համար ամէն ինչ կարելի է (Մտ 19.26)։

բ. Անոնք, որ փորձառութիւնը ունեցած են փոքր կամ մեծ նաւու մէջ, ծովու կամ ովկիանոսի բացերը կատաղի փոթորիկներ եւ ամեհի ալիքներ դիմագրաւելու, վստահ որ անդրադարձած են թէ աղէտներու դիմաց մեր գոյութիւնը որքան փխրուն է։ Նմանապէս, մեր կեանքի նաւակը մերթ հանդարտ, մերթ փոթորկոտ ու ալեկոծ ծովու վրայ կը նաւարկէ։ Բանականութեամբ օժտուած մարդ արարածներս, գործածելով մեր իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը, կրնանք յաղթահարել որոշ տագնապներու, բայց կան նաեւ ժամանակներ երբ կը զգանք թէ ամէն բան չենք կրնար հակակշռի տակ պահել։

Հաւատացեալ ըլլալ չի նշանակեր զերծ ըլլալ կեանքի վերիվայրումներէ։ Փոթորիկները կրնան հարուածել արհեստավարժ թէ անվարժ, հաւատացեալ թէ անհաւատ անձեր։ Արդարեւ, մեծ հալածանքները ուղղուած են միշտ արժէքներու հաւատացող մարդոց։

գ. Նաւու մէջ Առաքեալները Քրիստոսի հետ նաւարկելը խոր պատգամ կը բերէ մեզի, թէ բոլորս միասնաբար կ՛ուղղուինք դէպի միեւնոյն նպատակակէտը։ Այսօրուան ընթերցումը մեզ գիտակից կը դարձնէ, որ առանձին չենք մեր երթին մէջ, այլ Աստուած մեր հետ է, երբ ալիքները քնքշութեամբ գգուեն նաւակը կամ ամեհի կերպով սպառնան անոր ընկղման։ Կարեւոր հարցը այն է, թէ կ՛անտեսե՞նք մեր կեանքի նաւակին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան հրամայականը, թէ օգնութեան համար Իր սուրբ անունին կը դիմենք, ինչպէս Յովէլ մարգարէն կ՛ըսէ․ «Ամէն ով որ Տիրոջ անունը տայ, պիտի փրկուի» (2.32)։

դ. Բնութեան հնազանդութիւնը աստուածային հրամանին կը հրաւիրէ բոլորս անդրադառնալու, որ բնութեան անբան տարրերը իրենց ճամբով կը յարգեն ու կը հնազանդին Ամենակալին գերագոյն հեղինակութեան։ Բան մը որ մեր բանականութեամբ չենք կրնար տարրալուծել եւ ըմբռնել, բայց եւ այնպէս մեզի կը պատգամէ այն ճշմարտութիւնը զոր Պօղոս Առաքեալ կը խոստովանի. «Մէկ Աստուած եւ բոլորին Հայրը, որ ամէնքէն վեր է եւ ամէնուն մէջ» (Եփ 4.6)։

Աստուածաշնչական այս ընթերցումի սնունդով պարարտացնենք մեր հոգիները, մենք որ ճամբորդներ ենք կեանքէն՝ Կեանք։ Մեր ճանապարհորդութիւնը մեր ակնկալածին ու ծրագրածին համաձայն կրնայ հեզասահ չընթանալ, այնուամենայնիւ վստահ ըլլալով որ տիեզերքի ամենակալ եւ խոնարհ Նաւապետը մեր հետ կը նաւարկէ եւ կը հոգայ մեր վրայ, ուրախութեամբ շնորհակալութիւն յայտնենք եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։