ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ՝ 35 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
12 Մայիս, 1987ին, տեղի կ՚ունենար վերանորոգուած Ազգային Առաջնորդարանի վերաբացման հանդիսութիւնը, որուն յիշատակը մնացած է այս յօդուածին ընկերացող նկարին մէջ։, ուր ձախէն աջ կը տեսնենք ՝ տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, տոքթ. Արամ Սէմէրճեան, պրն. Յակոբ Գույումճեան, Հոգշ. Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան, տիկ. Յասմիկ Յովնանեան, օրուան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեան, տիկ. Սեդա Սէմէրճեան, տիկ. Շողակ Յովհաննէսեան եւ պրն. Վահագն Յովնանեան։
Համավարակի շրջանին, բացառելով պարտադիր փակման չորս ամիս՝ 2020ին եւ 2021ին, Ազգային Առաջնորդարանը իր դռները մշտապէս բաց պահած է մեր հանրութեան առջեւ, իսկ այս շաբաթ կատարեց իր պաշտօնական վերաբացումը՝ դադրեցնելով անձնակազմի մասնակի տնային աշխատանքի ժամանակացոյցը եւ ամբողջութեամբ վերադառնալով գրասենեկային սովորական աշխատանքի։
Տարբեր առիթներով վերաբացումներ, բայց միշտ վերանորոգ ոգիով։