Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԵԴ-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 4 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան Ուստըրի մէջ (Մէսէչուսէթս)։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանային Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր), Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ։ Հայր Սուրբի աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը Արեւելեան Թեմի եւ Ազգային Վարչութեան անունով։ Շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները, որոնք Ուստըր եկած էին հիւսիսէն ու հարաւէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն՝ իրենց կապերը ամրացնելու եւ իրենց ուխտը նորոգելու հանդէպ ՀԵԴ-ի հիմնադիր՝ Գարեգին Նժդեհին, որ գրեթէ ինը տասնամեակ առաջ խորապէս հաւատացած է հայրենի հողի սրբութեան եւ հայրենիքի ամբողջականութեան եւ երիտասարդութեան առաքելութեան՝ մեր նախահայրերու ժառանգութիւնը պահպանելու եւ շարունակելու։