Լուրեր

ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ

Այս Կիրակի կը նշուի 11 Սեպտեմբեր, 2001ի ահաբեկչական յարձակումներու նոր տարելից մը։ Յետադարձ հայեացք մը կատարենք դէպի այդ անիրական դէպքերը, որոնք Ամերիկան ու աշխարհը ցնցեցին, վախի ու անորոշութեան նոր ժամանակաշրջանի մը սկիզբը դնելով։ Միաժամանակ, այդ թուականին եւ յաջորդ տարիներուն արձանագրուած ողբերգութիւնները՝ չարիքէ խլուած անմեղ կեանքերէն մինչեւ աշխարհաքաղաքական մեծ իրադարձութիւնները, Աֆղանիստանի եւ Միջին Արեւելքի անվերջանալի պատերազմներով, յիշեցում մըն են, որ բարիի ու չարի մնայուն պայքարը կայ, որ Պատմութեան անիւը կը շրջէ։ Ամէն ինչ յարաբերական նկատող մեր ժամանակներուն մէջ, քմծիծաղն ու թերահաւատութիւնը աշխարհի վիճակին հանդէպ կրնան շատերու տեսակէտը ղեկավարել։ Այսուհանդերձ, 11 Սեպտեմբերը տեղի կու տայ մտածելու, որ ազատ ընկերութիւններն ու քաղաքակրթութիւնները տակաւին բազում թշնամիներ ունին, որոնք կատաղի ու բիրտ հակազդեցութիւններու կը դիմեն։ Առաւել քան երբեք, այսօր միասնաբար կը կանգնինք։

Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն, տաղաւար տօներուն հոգեհանգիստ չի կատարուիր։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, տնօրինած է, որ Կիրակի, 11 Սեպտեմբերին, մեր բոլոր ծուխերը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեն ի յիշատակ ահաւոր յարձակումներու անմեղ զոհերուն։