Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Գերմանիոյ Գարլսրուհէ քաղաքին մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11րդ համաժողովը, որ տեղի ունեցաւ 30 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի ութը նախագահներէն մէկը՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:
Նորին Սրբութիւնը ընդառաջած է միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, միջ-եկեղեցական շարժումին նոր մղում մը տալու հեռանկարով:
Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) վարած էր Ե.Հ.Խ.ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութիւններու ատենապետութիւնը։ 2007էն ի վեր, ան կը վարէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը։