Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԵՐԲ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆՔ ԼԵՑՆԵԼ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻ ՋՈՒՐԵՐԸ ԳԱՒԱԹԻ ՄԸ ՄԷՋ ԵՒ ՀԱՄԱՍՏԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՇԻՇԻ ՄԸ ՄԷՋ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 4 Սեպտեմբեր)

Այսօր, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին չորրորդ Կիրակին Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Մարկոս 7․31-37։ Աւետարանիչը կը պատմէ խուլ մարդու մը բժշկութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ իւրայատուկ ձեւով մը։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս բառ մը միայն կ՛արտասանէ՝ Եփփաթթա – եւ հրաշքին ականատես ժողովուրդը անգամ մը եւս կը բացագանչէ. «Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ»։ Նման հաստատում գեղեցիկ վկայութիւն մըն է, որ Յիսուսի խօսքերն ու կատարած գործերը միշտ եղած են բարի եւ արժանացած են ժողովուրդի միահամուռ հիացումին։ Այս հատուածին անդրադառնալէ աւելի, կ՛ուզեմ կարգ մը մտածումներ բաժնել Նիկիոյ տիեզերական առաջին ժողովի մասին որ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն երէկ նշուեցաւ։

325 թուականին, Կոստանդին կայսեր հրաւէրով ընդհանրական եկեղեցւոյ 318 եպիսկոպոսներ, քահանաներ ու սարկաւագներ կը հաւաքուին Նիկիա քաղաքին մէջ։ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի որդին՝ Արիստակէս եպիսկոպոս։ Օրակարգի հրատապ գլխաւոր հարցը Արիոսի հերետիկոսութիւնն էր։ Աղեքսանդրիոյ եկեղեցւոյ մէջ ծառայող այս քահանան կ՛ուրանար Քրիստոսի աստուածութիւնը, կը խոստովանէր որ Յիսուս ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէ, հետեւաբար ինք եւ իր հետեւորդները կը դաւանէին, թէ Քրիստոս համագոյակից չէ Աստուծոյ։

Նախքան այս նիւթի քննարկումը, կարեւոր է արագ ակնարկ մը նետել այս ժողովի պատմական ենթահողին վրայ։ 314 թուականին, ի հետեւումն երկնքի մէջ յայտնուած լուսափայլ խաչին, որուն կ՛ընկերանար «այս նշանով պիտի յաղթես» խօսքը, Կոստանդիանոս պարտութեան կը մատնէր իր մրցակիցը՝ Մաքսիմոս Բ., եւ ազատ կրօն կը հռչակէր քրիստոնութիւնը, որ եօթանասուն տարիներ ետք միայն պետական կրօն պիտի յայտարարուէր Թէոդոս կայսեր կողմէ։ Հռոմէական կայսրութեան միութիւնը, որ յաջողած էր քաղաքականապէս միահեծան կայսեր իշխանութեան ներքեւ, սկսած էր խախտիլ Արիոսի վարդապետութեան հետեւանքով ստեղծուած կրօնական խռովարարութեանց պատճառով։ Կայսրը, որուն գլխաւոր մտահոգութիւնն էր իր սահմաններէն ներս ծանօթ կարգախօս՝ «Հռոմէական խաղաղութիւն»ը ապահովել, անձամբ կը նախագահէ վեհաժողովին, Արիոս եւ իր հետեւորդները կը նզովուին ու կ՛աքսորուին, եւ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական դաւանանքը հանդիսացող Նիկիական հանգանակը կը խմբագրուի։

Նիկիոյ տիեզերական ժողովը «բացաւ» խցուած ականջները եւ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ Աստուածաշունչ մատեանի ճշմարտութիւնը բոլորի լսողութեան մէջ վերահաստատեց (4.21), թէ Յիսուս Քրիստոս արարած չէ, այլ Հայր Աստուծոյ Որդին է (Մր 1.1), եւ որպէս Հօր Աստուծոյ Որդին, Յիսուս Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է (Յհ 17.22)։ Երբ Արիստակէս հայրապետ Հայաստան վերադարձաւ, իր հօր յանձնեց Նիկիոյ ժողովին վաւերացուած հաւատոյ բանաձեւումը, որ մինչեւ օրս Սուրբ Պատարագի ընթացքին ամենայն վեհութեամբ երգասացութեամբ կը կատարուի, որմէ ետք սարկաւագը նզովքի բաժին կը կարդայ ուղղուած բոլոր անոնց դէմ, որ կ՛ուրանան թէ Որդին Աստուած է։ Ապա պատարագիչը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէ արտասանուած փառաբանութիւնը կ՛արտասանէ, ուղղուած Սուրբ Երրորդութեան եւ մէկ Աստուածութեան։

Տխուր իրականութիւն է, որ Քրիստոնէութիւնը հազիւ թօթափած երեք դարերու հալածանքներու լուծը, ահա կը տառապէր ներքին արիւնահոսութենէ, ծայր առած Արիոսի կողմէ, որ ձեռնադրուած քահանայ մըն էր։ Չորրորդ դարու Եկեղեցւոյ Հայրերու դիմագրաւած այս տանապը որքան որ նոր կը թուէր ըլլալ, բայց եւ այնպէս իր արմատները խոր էին։ Էականը հետեւեալն էր․ Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը ինչպէ՞ս կարելի է մարդկային հասկացողութեան հետ ներդաշնակել։ Արդարեւ, Սիմէոն Ծերունիի կանխագուշակութիւնը, թէ «այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ: Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու» (Ղկ 2.34-35), եղած է, է՛ եւ պիտի ըլլայ գայթակղութեան պատճառ բոլոր սերունդներուն համար,  երբ անսահմանը փորձեն սահմանափակել, այլ խօսքով, երբ փորձեն ովկիանոսներու ջուրերը գաւաթի մը մէջ եւ կամ համաստեղութիւնները շիշի մը մէջ պարփակել։

Որպէս բանական արարածներ, կ՛ուզենք ամէն ինչ մարդկային տարրալուծարանի՝ մտքի բովէն անցընել եւ հաստատել, ինչ որ արդար է․ սակայն միաժամանակ պէտք է ընդունինք թէ բանականութիւնը, որ եթէ կարելի է նմանցնել հեռավարիչ գործիքի (remote control), մեզի պարգեւուած է մայր բնութեան կայանները փոխել վայելելու համար անոր տարբեր հարստութիւնները, բայց ո՛չ կառավարելու ամենայն բարեաց Պարգեւիչ Արարիչը։

Աստուածութեան Սուրբ Երրորդութեան դաւանութիւնը, որ յայտնուած է Հին Կտակարանին մէջ եւ բիւրեղացած՝ Նոր Կտակարանին մէջ, Աստուածային Սիրոյ արտահոսումն է, որպէսզի հողը բարձրացուի հոգիի եւ հողեղէնը վայելէ երկնային բարիքները։

Այս ուղղութեամբ, իրա՛ւ որ հիանալի է Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն իմաստութիւնը, Նիկիոյ ժողովի տօնը սահմանած ըլլալով Խաչվերացի տօնէն առաջ, որ հինգերորդ եւ վերջին տաղաւարն է։ Եթէ ամենայն թափանցիկութեամբ պարկեշտ ենք մեր փնտռտուքին մէջ քօղազերծելու Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը եւ աստուածային այլ Խորհուրդներ, բանալին յանձնուած է մեզի նոյնինքն «Խորհուրդ Խորին»ին կողմէ, որ է դաւանիլ  զօրութիւնը Խաչեալին, որ Խաչին վրայ տարածելով իր ձեռքերը հրաւիրեց անկեալ մարդկութիւնը աստուածանալու։ Այո՛․ Սուրբ Խաչն է բանալին, որ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ յայտարարեց, «հրեաներու համար գայթակղութեան քարն է, իսկ հեթանոսներուն համար յիմարութիւն» (Ա Կր 1.23)։

Առաջնորդուած ըլլալով Աստուածային Իմաստութեամբ եւ եկեղեցւոյ Ուղղափառ  Հայրերու փորձառութեամբ, ամենայն խոնարհութեամբ խնդրենք Երկնաւոր Հօր մարդացեալ Սէր՝ Յիսուս Քրիստոսէն, որ մեզի եւս հրամայէ, «բացուի՛ր», որպէսզի բուժէ ո՛չ միայն մեր ֆիզիքական, այլ նաեւ բանաւոր եւ հոգեւոր լսողութիւնը, եւ փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը․ Ամէն