Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ Իտալական Մշակութային Հիմնարկին մէջ փրոֆ․ Անթոնիա Արսլանի նոր լոյս տեսած “Silent Angel” («Լուռ հրեշտակ») գիրքի ներկայացման։ Վէպին մէջ հերոսացուած են այն երկու անծանօթ մայրերը, որոնք Մշոյ Ճառընտիրը երկու մասի բաժնելով, եւ Ցեղասպանութեան դժոխային մահերթէն անցնելով, Հայաստան բերած են զայն։ Տարիներ ետք, հատորին երկու մասերը զիրար ողջունելով միացուած եւ իրենց հարազատ բնակարանը գտած են Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։
Ունկնդիրներու խիստ հետաքրքրական հարցումներէն ու անոնց պատասխաններէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ հարցազրոյցը։