Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԽԱՉԸ՝ ԿԵԱՆՔԷ ԿԵԱՆՔ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

Այսօր, Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Խաչի Վերացման յիշատակը, հիմնուած պատմական երկու դէպքերու վրայ։ Առաջինը աւանդաբար փոխանցուած է մեզի. Յակովբոս Տեառնեղբայր Առաքեալը՝ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը, արարողութեան մը ընթացքին Խաչը կը բարձրացնէ հաւատացեալներու ներկայութեան եւ կ՛երգէ «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» աղօթքը, զոր Եկեղեցին որդեգրած է։ Երկրորդ. Խաչափայտը Պարսկաստան գերի տարուած ըլլալով,  Հերակլ կայսրը 630 թուականին կ՛ազատագրէ եւ զայն կը վերադարձնէ Երուսաղէմ, ուր հաւատացեալներու դիմաց բարձրացուելով, իրենց երկիւղալի յարգանքը կը մատուցանեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանաց երկրաւոր մասունքին հանդէպ։

Այս առթիւ, հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել.

ա. Խաչը որպէս մահուան գործիք խորհրդանիշ էր ցաւի, տառապանքի ու սուգի։ Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ անիկա մեծարուեցաւ որպէս Քրիստոսով մահուան յաղթահարող փրկութեան գործիք։ Դարձաւ քրիստոնէական ինքնութիւնը յատկանշող առարկայ՝ զետեղուելով եկեղեցւոյ գմբէթներուն ու խորաններուն վրայ, տպածոյ կամ ձեռագործ աշխատուելով կերպասներու վրայ եւ թանկագին քարերով ու մետաղներով զարդարելով կուրծքերը հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ ձեռքի վրայ դրոշմուելով անոնց, որոնք կը հետեւին Խաչեալին եւ Յարուցեալին։

Արտաքին այս երեւոյթները որքան որ դրական տուեալներ են, այնուամենայնիւ, երբ թափանցենք Խաչի խորհուրդի խորքը, պիտի տեսնենք որ անկէ ճառագայթող  պատգամը մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Խաչեալին եւ Յարուցեալին, որուն կը վստահինք, կը յանձնուինք եւ կը հետեւինք։

բ. Քրիստոնեաներու համար, Խաչը յստակ ապրելակերպ մըն է, որ կը սկսի Մկրտութեան Խորհուրդով, երբ որպէս երկնաւոր Հօր որդեգրուած զաւակը, գնուած Քրիստոսի սուրբ արեամբ՝ մեղքի ծառայութենէն, կը դառնանք Սուրբ Հոգւոյն տաճարը, ինչպէս Մկրտութեան աղօթքով կը սորվինք։ Աստուած՝ անհուն Սէրը, առատապէս մեր վրայ ցօղելով իր Շնորհքը, կը հրաւիրէ որ նմանինք Անոր զոր ղրկեց աշխարհ (Յհ 5.30), որպէսզի ապրելով Իր օրինակով, պայքարինք կեանքի մէջ մեր դէմ յարուցուած փորձութեանց, կորուստներուն, սուգերուն, հալածանքներուն, մարմնական պէտքերուն, եւն., եւ երբե՛ք չշեղինք հոգատար մեր Արարիչին կողմէ մեզի համար պատրաստած գերագոյն նպատակակէտէն, որ է յաւերժական կեանք։

գ. Խաչը Քրիստոնեաներուն համար վեհագոյն գիտակցութիւն է, թէ իւրաքանչիւր անձ որ կոչուած է կեանքի, առաքելութիւն մը ունի կատարելիք։ Ճիշդ է, որ առաջնահերթ պարտականոութիւն ունինք մեր եւ անմիջական մեր հարազատներու կարիքները հոգալու, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ Արարիչին կողմէ վստահուած նուիրական կոչում ունինք ըլլալու լոյսը եւ աղը (Մտ 5.13-16) խաւար աշխարհի եւ ընկերութեան մէջ՝ լուսաւորելու եւ համեմելու համար կեանքը  անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց գոյութեան նպատակը։

դ. Խաչի խորհուրդով մեր ուսերուն վրայ դրուած լուծը դիւրին չէ կրելը, սակայն ինչպէս որ զայն յաղթանակի նշանի Վերածողը խոստացաւ, Իրմով թեթեւ եւ քաղցր պիտի դառնայ (Մտ 11.30)։ Երբ զայն որդեգրենք, այնպէս ինչպէս Ինք ըրաւ, մեր կեանքը կը  սնուցուի ու կը զօրանայ Սուրբ Հոգիի պտուղով եւ մենք կը գործենք «սիրով, ուրախութեամբ, խաղաղութեամբ, համբերատարութեամբ, ազնուութեամբ, բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, հեզութեամբ եւ ժուժկալութեամբ» (Գղ 5.22-23)։

ե. Այս առաքելութիւնը որպէսզի իրագործուի, շատ յստակ ընթացք եւ նպատակակէտ կ՛ընդգրկէ։ Սահմանափակուած չէ երկրաւոր ու ժամանակաւոր  կեանքով, այլ պարուրուած է փոխակերպուած յաւիտենական կեանքի Յոյսով։ Ինչպէս որ օդաչուն օդանաւը թռչելէն առաջ կամ անմիջապէս ետք կը ծանուցանէ թռիչքի տեւողութիւնը, քարտէսը, ճամբու ընթացքի անհարթութիւնները, օդի եղանակը, ժամանումը, եւն․, նմանապէս Խաչը՝ Քրիստոսով, կը ցուցանշէ գերագոյն ճամբորդութեան ուղեգիծը մարմնի, մտքի ու հոգիի, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք գիտակցաբար կը մտնեն Աստուծոյ արքայութենէն ներս եւ ուրախութեամբ կը ծառայեն Տիրոջ (Ps 100.2), վայելեն աշխարհի սկիզբէն առաջ պատրաստուած օրհնութիւնները։

Դրական այս հասկացողութեամբ ու պատկերացումով, ծնրադրելով Ամենակալին ներկայութեան, բարձրացնենք եւ կենդանացնենք մեր սրտերուն մէջ Սուրբ Խաչի յաղթական պատգամը եւ շարականագրի բառերը կրկնելով, ըսենք. «Խաչն կենարար, որ եղեւ մեզ փրկութիւն, սովաւ ամենեքեան զՔեզ բարեբանեմք – Կենարար Խաչով որ մեզի փրկութիւն եղաւ, Քեզ կը բարեբանենք», գոհութիւն յայտնելով Ամենասուրբ Երրորդութեան. Ամէն։