Featured, Կաթողիկոսարանէն

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։

Միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային օրէնքի դասախօս՝ Լիբանանեան Համալսարանէն ներս, յիշեալ յայտարարութեան խմբագրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցաւ՝ խորհրդակցելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ թէ՛ Գերմանիա մեկնելէ առաջ եւ թէ՛ համաժողովի աշխատանքներու ընթացքին։ Դոկտ. Պայրագտարեան Ե.Հ.Խ.ի միջազգային տագնապներու յայտարարութեանց շարքին նաեւ համաժողովին ներկայացուց Արցախի մասին յայտարարութիւնը։

Յիշեալ յայտարարութեան մէջ, համաժողովը կը դատապարտէ Արցախի 44-օրեայ Ատրպէյճանի կողմէ նախայարձակ պատերազմը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի բնիկ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։ Համաժողովը նաեւ կը դատապարտէ քիմիական զէնքի գործածութիւնը եւ միջազգային օրէնքին հակասող պատերազմական այլ յանցագործութիւնները։ Ան կոչ կ՚ուղղէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.), Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ քաղաքային պատանդները եւ ռազմագերիները։ Համաժողովը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Արցախի գրաւեալ շրջաններու սրբավայրերուն եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկամամբ եւ կոչ կ՚ուղղէ ԵՈՒՆԵՍՔՕին ու միջազգային համայնքին բոլոր միջոցներով պաշտպանելու ու պահպանելու հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներն ու վայրերը։

Համաժողովը միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ շուտով երկխօսութեան սկսելու Արցախի հակամարտութեան արդար եւ խաղաղ լուծման համար։ Վերջապէս, կը թելադրէ Խորհուրդի անդամ բոլոր եկեղեցիներուն աշխատելու շրջանէն ներս համերաշխութիւն հաստատելու եւ արդար ու կայուն լուծում գտնելու ի խնդիր։

Արցախի պատերազմի օրերուն, ինչպէս նաեւ յաջորդող շրջանին, Ե.Հ.Խ.ը ադրադարձած էր Արցախի հարցին եւ անոր արդար լուծում գտնելու հրամայականին։