Featured, Խմբագրական

ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻՆՔ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ

Հայաստանի անկախութեան 31ամեակը նշուեցաւ 21 Սեպտեմբերին, բայց պահը տօնական չէ։ Երրորդ հանրապետութեան կարճ բայց իրադարձութիւններով լի կեանքին ընթացքին, ամենէն մութ պահերէն մէկը կ՚ապրինք, երբ պատերազմի թմբուկները կը հնչեն առաւել ուժգին քան երբեք տարածաշրջանին մէջ։

Ժողովրդավարութեան ու քաղաքակրթութեան կղզի Հայաստանը իր կողքին ունի հակոտնեայ երեւոյթը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնութիւնը կը գոյակցի անոր ազատութեան։ Կեանքի հանդէպ անոր սիրոյն, թշնամի ազգերը կը հակադարձեն մահուան պաշտամունքով։

Պէտք է տօն ըլլար, բայց տօն չէ։ Մեր յանցանքը չէ, որ արեւելքի եւ արեւմուտքի մեր թշնամիները ոճրագործներ են թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ խաղաղութեան օրերուն։ Բառերը անզօր են նկարագրելու եւ բնորոշելու անոնց կողմէ գերի առնուած հայ զինուորական կնոջ մը յօշոտումն ու անդամահատումը, գազանային վայրագութիւն մը, որուն ո՛չ մէկ մարդկային արարած կամ նոյնիսկ կենդանական աշխարհի էակ պէտք չէ ենթարկուի, եւ որ խօսուն կերպով ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան ազգեր են։

Ժամանակն ու ողբերգական փորձառութիւնը ունեցած ենք զանոնք ճանչնալու ըստ էութեան։ Մեր ձախողութիւնն է, որ անոնց հետ չենք վարուած ինչպէս որ հարկ է եւ օրակարգ մը հետապնդած ենք, որ կրնայ լաւ դիտաւորութիւն ունեցած ըլլալ, բայց Հայաստանի աշխարհաքաղաքական իրականութեան բոլորովին հակամէտ է։ Եւ քաջ  գիտենք, ինչպէս կ՚ըսէ անգլերէն խօսքը, որ դժոխքի ճանապարհը երբեմն սալարկուած է լաւ դիտաւորութիւններով։

Թուրքիա եւ անոր ցեղասպանութեան աշկերտը ոճրագործ ազգեր են, որոնց հետ բացարձակապէս անկարելի է որեւէ ձեւով գործընկեր կըլլալ։ Անտեսել այս մօտեցումը վտանգաւոր կարճատեսութիւն մըն է, որուն փաստը ահաւոր կերպով տուաւ 44օրեայ պատերազմը 2020ին։ Նման ձախողած օրակարգի մը շարունակուող հետապնդումը բարձրագոյն կարգի անփութութեան եւ անկարողութեան դրսեւորում մըն է։ Իսկ այդ երկիրներուն հետ բանակցելու անկարելիութեան պատճառը շատ պարզ է. Հայոց Ցեղասպանութիւնը անոնց հիմնաքարը կը կազմէ։ Ատրպէյճան հապճեպ կերպով ստեղծուեցաւ 1918ին, պատմութեան հեգնանքով «յառաջդիմութիւն» բառով կոչուած Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի ձեռամբ (ցեղասպանութիւնը յղացող ու գործադրող նոյն մարմինը), իբրեւ յենակէտ համաթրքական անոր ծրագիրներուն, որոնք առկախ մնացին ցնոր տնօրինում։ Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը ճանապարհ հարթեց մերօրեայ Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման։ Բնիկ ժողովուրդի ցեղային մաքրագործման եւ ոչնչացման վրայ հիմնուած երկու ազգեր չեն կրնար ուրիշ բան ըլլալ, քան ոճրածին մարմիններ, որոնք եղեռնագործ մենատէրերու ծնունդ կու տան, յանձինս երկու երկիրներու այսօրուան նախագահներուն։

Թուրքիա եւ անոր ոճրապարտ գործընկերները համաթրքական հին ծրագիրը գործադրելու ժամանակը հասած կը նկատեն։ Անոնք կը փորձեն միանգամընդմիշտ հայկական հարցը լուծել վերջնական լուծմամբ։ Ասիկա հռետորական հաստատում մը չէ։ Պէտք է պողպատեայ կամքով դարբնենք մենք մեզ՝ չափազանց տանջալի օրերու հեռանկարին դիմաց, ուր թերեւս կրնանք վերապրիլ մեր պատմութեան ամենամութ դրուագները։

Միայն կրնանք յուսալ, որ այս թուականին՝ անկախութեան փառքը լուսաւորէ անոնք, որ Հայաստանի մէջ փորձած են ճանապարհ մը, որ մեզ բերած է այս ահաւոր օրերուն, ներառեալ 2020ի 5.000 զոհերը եւ վերջին օրերուն աւելի քան 200 զինուորներու նահատակութիւնը Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումին, այս անգամ՝ Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս բազմիցս կոչ ուղղած է հաւաքաբար լուծումներ գտնելու՝ մեր հայրենիքի այս ճակատագրական պահուն։ 1915ի մեր վէրքերը տակաւին չեն բուժուած եւ անհեռատես քաղաքականութեամբ արդէն բաւարար տառապանք բեռցուցած ենք մեր ժողովուրդի ուսերուն վրայ յառաջիկայ չորս սերունդներուն համար։

Այն վստահութեամբ, որ առանձին ենք եւ մեր միակ դաշնակիցը մեր անկոտրում հաւատքն է, պէտք է զօրաւոր ըլլանք դժբախտութեան դէմ յանդիման։ Միայն պիտի խոնարհինք, անսահման երախտապարտութեամբ ու յարգանքով, նահատակներուն եւ անոնց մայրերուն, հայրերուն, զաւակներուն, եղբայր ու քոյրերուն առջեւ։ Անոնց կը պարտինք, որ մեր հայրենիքը գոյութիւն ունի։ Հաւաքական մեծ ցաւի այս ժամանակներուն, կը մխիթարուինք մտածելով, որ նահատակներու արիւնը պիտի ամրացնէ մեր վճռակամութիւնը եւ ծնունդ տայ հերոսական ժառանգորդներու՝ նոր սերունդ մը, որ տէր կանգնի մեր հինգհազարամեայ հայրենիքին։