ԽՈՐՀՐԴԱԼԻ ԿԱՊԸ ԱՐԱՐԻՉԻՆ ԵՒ ԱՐԱՐԱԾԻՆ ՄԻՋԵՒ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 18 Սեպտեմբեր)
Այսօր, Սուրբ Խաչի Վերացման երկրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշուած է Մր 10.1-12։ Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ Քրիստոս երբ կը քարոզէր ժողովուրդին, Փարիսեցիներ մօտենալով Իրեն կը հարցնեն ամուսնալուծման օրինականութեան մասին։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, քաջ գիտնալով անոնց նենգամտութիւնը, Իր կարգին կը հարցնէ իրենց, թէ Մովսէս ի՞նչ կանոնադրած է։ Պատասխանը ստանալէ ետք, թէ արտօնած է, Յիսուս անաչառ կերպով կը պատասխանէ. «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառաւ այդ օրէնքը հաստատեց, սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ Աստուած այդպէս չտնօրինեց»։
Մարդկային մեր բնութիւնը մեղքի պատճառաւ ապականելով, դժբախտաբար կորսնցուց իր բնականոն ընթացքը, այնպէս ինչպէս Արարիչը տնօրինած էր։ Հին Կտակարանի մէջ ամուսիններ արտօնուած էին արձակման թուղթ տալ իրենց կիներուն, իրաւունք մը որմէ զրկուած էին վերջիններս։ Օրէնք մը, որ ներկայ ընկերութեան մէջ արդէն իսկ եղափոխուած է։ Արդար ըլլալու համար, պէտք է ընդունիլ, որ քարոզի մը սահմաններուն մէջ ընկերային նման նուրբ եւ զգայուն հարց մը կարելի չէ սպառիչ կերպով ներկայացնել։ Ահա թէ ինչու կ՛ուզեմ կարգ մը մտածումներ փոխանցել այսօրուան Պօղոս Առաքեալի նամակի ընթերցումէն, յուսալով որ կրնայ լոյս սփռել նաեւ այսօրուան աւետարանական ընթերցումի առողջ հասկացողութեան վրայ։
Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին մէջ կ՛ըսէ․ «Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ’ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ: Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ»։
Ամուսնութեան այս համեմատութիւնը որպէս միաւորում Քրիստոսի եւ Իր հաւատացեալներուն միջեւ, իր խոր արմատները ունի Հին Կտակարանին, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ուսուցումներուն մէջ։ Հին Կտակարանի Օրէնքի մեկնաբանները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ Հայրերը, Երգ Երգոցի գիրքը մեկնաբանած են որպէս Աստուծոյ եւ Իր ժողովուրդին միջեւ սուրբ սիրոյ յարաբերութիւն։ Յիսուս հարսանեաց ուրախութեան պատրաստուող տասը կոյսերու առակով այս խորհրդալի յարաբերութեան մասին ակնարկեց, որ անվերապահ սիրոյ յայտարարն է, յայտնուած Խաչին վրայ եւ լաւագոյնս նկարագրուած՝ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ (13. 4-7).
Այս սիրոյ ամենէն ցայտուն յատկանիշը այն է, թէ զերծ է տիրութեան եւ ենթակայութեան աշխարհիկ ամէն հասկացողութենէ, ընդհակառամը, հիմնուած է փոխադարձ հոգատարութեան ու բաժնեկցելու յանձնառութեան վրայ, պարուրուած համագործակցութեան դրական ոգիով եւ կեանքը իր լիութեամբ միասնաբար ապրելու նախանձախնդրութեամբ։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս բանիւ եւ գործով հաղորդեց այս ճշմարտութիւնը, երբ Քաջ Հովիւի առակով պատգամեց ու ըսաւ՝ «Քաջ հովիւը իր անձը կը զոհէ ոչխարներուն համար» (Յհ 10.11). եւ իրօք իր սուրբ արիւնով մեր Փրկագործութիւնը երաշխաւորեց, միաժամանակ պահանջելով որ «ան որ կը սիրէ Զիս, կը կտարէ իմ խօսքերս» (Յհ 12.23)։
Պօղոս Առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր խօսքով, թէ «կ’ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս անարատ, ողջախոհ կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ», հաւատացեալներու մտքին մէջ կը թարմացնէ Ամենակալ Տիրոջ եւ Իր հաւատացեալներուն միջեւ այս բացառիկ ոգեղէն յարաբերութիւնը։ Ողջախոհութեան առաքինութիւնը ցոլացումն է անարատութեան, զերծ ամէն տեսակի պղծասիրութենէ, նենգամտութենէ, եսակեդրոն շահերէ, եւն․։ Աստուած սուրբ է՝ անարատ, եւ որպէսզի հաւատացեալները յարաբերութեան մէջ ըլլան Իր հետ, պարտին ըլլալ մաքրամաքուր մարմնով, մտքով ու հոգիով, ինչպէս Աստուած Ի՛նք պատուիրեց․ «սուրբ եղէք ինչպէս Ես սուրբ եմ» (Ղեւտ 11.44)։ Արարիչին ու սիրայորդ Ամենակալ Տիրոջ կողմէ փոխադարձութեան հիմունքին վրայ հաստատուած յարաբերութեան այս ձրի մենաշնորհը անփոփոխելի գրաւականն է յաւերժական կեանքին ու ցնծութեան։
Եկեղեցւոյ Հայրերը, քաջատեղեակ ըլլալով մարդկային տկար բնութեան պատճառաւ փոխադարձ յարաբերութեան փխրունութեան, զայն ներկայացուցած են այրիութեան պատկերով։ Մեծ Պահոց հինգերորդ Կիրակին երգուած, ծանօթ նաեւ Դատաւորի Կիրակի անունով, հետեւեալ շարականը լաւագոյնս կը նկարագրէ այս ցաւալի իրավիճակը․ «Երկնաւոր Փեսայ երկրաւոր հարսիդ՝ Քու Եկեղեցիիդ, ողորմութեամբդ մաքրէ Քեզմէ այրիացած մեր հոգիները եւ դարձեալ միաւորէ Քեզի»։
Իրա՛ւ որ մեծ օրհնութիւն է գիտնալ, թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէս ամէն ձեւով կը դաստիարակէ եւ իրազեկ կը դարձնէ մեզ Աստուծոյ մեր հետ նախաձեռնած այս ամենաթանկագին յարաբերութեան մասին, եւ հակառակ մարդկային ամէն ձախողութեան, անդադար կը հրաւիրէ մեզ, վնասուած մեր յարաբերութիւնը նորոգելու սիրով եւ անարատութեամբ։ Հետեւաբար, ամբողջական սրտով աճապարենք յանձնուիլ Իրեն, տօնախմբելու մեր խորհրդալի միաւորումը որպէս հարս, որ պատրաստ է դիմաւորելու Երկնաւոր Փեսան, որ անակնկալ կրնայ ժամանել որեւէ ատեն (Մտ 25.6), եւ մեզ հրաւիրել Երկնից Արքայութիւնը՝ յաւերժական առագաստը մտնել, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը․ Ամէն։