ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2022 տարուան «Սփիւռքի Տարի» հռչակման առիթով, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:
Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Սիմոնեան-Փիրի, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Նիստի բացումը կատարելով Վեհափառ Հայրապետը՝ անդրադարձաւ մինչեւ օրս կատարուած խորհրդակցութիւններուն, հանդիպումներուն եւ աշխատանքներուն։ Ապա, առանցքային երեք ուղղութիւններ նշեց ցարդ կայացած քննարկումներուն՝ ախտաճանաչում, հակազդեցութիւն, գործընթաց։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ յայտարարութիւնն ու քննարկումները լայն արձագանգ գտած են մամուլին եւ տարբեր հրապարակումներու մէջ։ Ան կարեւոր նկատեց, որ յաւելեալ քննական եւ ինքնաքննական բնոյթ պէտք է հաղորդել ախտաճանաչումներուն, զորս կարեւորագոյն մեկնակէտ պէտք է նկատել յառաջիկայ աշխատանքներուն համար։
Ինքնութեան կորուստ, սահմանում, փնտռտուք, ինքնաճանաչման նոր մօտեցում։ Մեր կառոյցներու ինքնամփոփութիւն, ժամանակավրիպութեան սպառնալիք, հայկական ինքնութիւն ունեցող օտարացած հայերու թիւի աճ, արեւմտահայերէնի նահանջի երեւոյթ, մարդուժի նուազում ու հեռացում, երիտասարդութեան լուսանքայնացում ու ինքնալուսանքայնացում, արժէքափոխութեան արագ ընթացք, ցանցային դրուածք ու հայկական աշխարհի համապատասխանութեան չգոյութիւն, ներգաղութային եւ միջգաղութային թերի համագործակցութիւն, համասփիւռքեան մտածողութեան բացակայութիւն եւ Սփիւռք-Հայաստան կապերու հայեցակարգի չգոյութիւն։
Սփիւռքը ներկայ գոյավիճակէն դուրս բերելու կարիքը զգալի է ամէնուրեք։ Նշմարելի է երիտասարդութեան վերածումը կարեւոր խաւի, որ անյետաձգելի կը նկատէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը։ Այլապէս, աւելի պիտի խորանայ անջրպետը երիտասարդութեան եւ սփիւռքահայ կեանքին միջեւ։
Նախապէս արծարծուած յիշեալ կէտերը հանդիպման ընթացքին ենթարկուեցան մասնագիտական քննարկումի։ Սփիւռքի գոյութեան, վերականգնման եւ զարգացման համար նոր բանաձեւումներ եւ նոր մեթոտներով աշխատելու մասին առաջարկներ եղան, նկատի ունենալով Սփիւռքի համապատկերի յարափոփոխ բնոյթը։ Շեշտուեցաւ միացեալ համակարգերով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը՝ համասփիւռքեան-համահայկական մտածողութիւն եւ համապատասխան օրակարգեր մշակելու համար։
Նիստի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, թէ «Սփիւռքի տարի»ն չի սահմանափակուիր ընթացիկ տարիով․ ան պիտի շարունակուի եւ 2023ը հռչակուի «Սփիւռքի Տարի Բ․ ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում առաջադրանքով»։ Այս շրջագիծին մէջ, այս քննարկումներուն վեր հանած ուղենիշները նկատի պիտի առնուին հետագայ աշխատանքներուն համար։