Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՀՆԴԻԿ ՄԱԼԱՊԱՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ հիւրասիրութեան մը ի պատիւ Մալանքարա Ուղղափառ Ասորի Եկեղեցւոյ նորընտիր Մատթէոս Գ. Կաթողիկոսի, որ տեղի ունեցաւ Ճերիքոյի մէջ (Նիւ Եորք), Մալանքարա Եկեղեցւոյ Հիւսիս-Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Նիքոլովոս Արքեպիսկոպոսի կազմակերպութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանար Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան։

Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ողջունեց Մատթէոս Գ. Կաթողիկոսը եւ մաղթեց արդիւնաբեր ծառայութիւն։ Ան յայտնեց, թէ Նորին Սրբութեան ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը նախախնամական է տագնապալի այս ժամանակաշրջանին, երբ անհրաժեշտ է հոգեւոր ղեկավարներու դերակատարութիւնը՝ գտնելու եւ հետեւելու այն Ճանապարհին, որ դէպի Կեանք առաջնորդող Ճշմարտութիւնն է։

Ներկայ հոգեւորականներու շարքին էին ի միջի այլոց՝ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Թիխոն Արքեպիսկոպոս, Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Առաջնորդ՝ Մայքլ Եպիսկոպոս եւ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի նուիրակ՝ Վիգէն Արքեպիսկոպոս։