Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ԹՐՈՅ) ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ «Հայր մեր»էն առաջ հանդիսաւոր թափօրով նոր օրհնեալ Սուրբ Միւռոնը բերուեցաւ Սուրբ Խորան եւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը ուրարի տուուչութիւն կատարեց դպիր Երուանդ Պարտագճեանին։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան անկախացման 31րդ տարեդարձի Հանրապետական Մաղթանքը, եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Հաւատացեալները ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Սրբազան Հայրը կատարեց օրհնութիւնը եկեղեցւոյ նորոգ մայր դրան, որ նուիրուած էր տէր եւ տիկին Արա եւ Ռաքէլ Ալթունեաններու կողմէ։
Արարողութիւններէն ետք, մօտակայ Country Club of Troyի շքեղ սրահներէն մէկուն մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ 64ամեակը։ Օրուան հանդիսավարը՝ Յակոբ Մինասեան, շնորհալի կերպով վարեց յայտագիրը, մանուկներ ու պատանիներ գեղեցիկ արտասանութիւններով հանդէս եկան, Երուանդ Պարտագճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն շնորհուած եկեղեցական կարգին համար, իսկ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Անդրանիկ Գարակէօզեան, ներկայացուց կատարուած եւ ծրագրելի ձեռնարկներու ամփոփ պատկերը։
Մանուկներով շրջապատուած, Սրբազան Հայրն ու հոգաբարձութեան անդամները կտրեցին 64ամեակի կարկանդակը։ Հուսկ ապա խօսք առնելով, Սրբազան Հայրը յայտնեց իր խոր գոհունակութիւնը երիտասարդ անդամներէ կազմուած հոգաբարձութեան նուիրուածութեան, ինչպէս նաեւ ծխականներու եւ բարեկամներու զօրակցութեան համար։ Յատկապէս վեր առաւ հանդիսավար՝ Յակոբ Մինասեանի, եւ Երուանդ Պարտագճեանի երախտագիտական այն արտայայտութիւնը, թէ ծնողաց կը պարտին եկեղեցւոյ իրենց կապուածութիւնը, ինչպէս նաեւ ծխականի մը թանկագին այն վկայութիւնը, թէ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծուխը «ընտանեկան» (family oriented) համայնք մըն է։
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, տեղի ունեցաւ ներկաներու կողմէ հաճելի անակնկալ մը. փոքր երգահանդէս մը։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցան սրտաբուխ նուէրներ, եւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով աւարտին հասաւ իրա՛ւ ընտանեկան նկարագիր ունեցող այս գաղութի 64ամեայ տօնախմբութիւնը։