ԻՏԱԼԱՀԱՅ ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻ ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ «ԼՈՒՌ ՀՐԵՇՏԱԿԸ» ՎԷՊԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ ներկայացումը իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանի «Լուռ հրեշտակը» վէպի անգլերէն թարգմանութեան։
Ազգային Առաջնորդարանի «Յովնանեան» սրահը փութացած էին մեծ թիւով հրաւիրեալներ, որոնց շարքին էին դեսպան Մհեր Մարգարեան՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ ՄԱԿի մօտ, զօր. Ֆապրիցիօ Փառուլի՝ ՄԱԿի մօտ Իտալիոյ մշտական ներկայացուցչութեան զինուորական խորհրդատու, Ապիր Թահա Աուտի՝ Լիբանանի հիւպատոս Նիւ Եորքի մէջ, Ֆրանչեսքօ Ճենուարտի՝ Իտալիոյ հիւպատոս Նիւ Եորքի մէջ, Աննա Մալաֆրոնթէ՝ անոր օգնականը, Ֆապիօ Ֆինոթթի՝ Իտալական Մշակութային Հիմնարկի տնօրէնը, եւ Մալինա Մաննարինօ՝ անոր օգնականը։ Ներկայ էին նաեւ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ առաջնորդական փոխանորդ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Նիւ Եորք)։
Բացման խօսքը կատարեց ու ձեռնարկը ներկայացուց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Գիրքի թարգմանչուհին՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մառշալ (Մանհաթընվիլ քոլէճի քրիստոնէական փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ), խօսեցաւ վէպին նիւթի մասին, զոր սահմանեց իբրեւ մշակոյթի գիտակցութիւնը որպէս վերապրումի միջոց։ Անի Խաչեան եւ մեթր Արմէն Մորեան վէպէն հատուածներ կարդացին։ Վաստակաւոր հեղինակը՝ Անթոնիա Արսլան, խօսեցաւ վէպի յղացման պարագաներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս ձեռնարկի հովանաւորութեան համար։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, իր կարգին, գնահատանք յայտնեց տիկ. Արսլանի քնարական արձակին, որ որ բառացիօրէն երեւան հանած էր «ճամբորդութիւն մը մահուան հովիտին մէջէն», աշխարհին ծանօթացնելով հայ կնոջ անանձնական կերպարը, որ գիտէ գերադասել սրբութիւնն ու մշակոյթի պահպանումը՝ վտանգելով իր իսկ կեանքը։ Այս առիթով, տիկ. Արսլանին շնորհուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի կանանց պարգեւուած բարձրագոյն պատիւը՝ «Զապէլ թագուհի» շքանշանը, անոր գիտական ու գրական ասպարէզին եւ հայ ոգիի ամէնուրեք տարածման համար։
«Լուռ հրեշտակը» մարդկային դիմացկունութեան եւ հերոսական հաւատքի պատմութիւն մըն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական մեծագոյն ձեռագրի՝ «Մշոյ ճառընտիր»ի ոդիսականի շուրջ հիւսուած։ Գիրքէն մակագրուած օրինակներ տրամադրելի էին ներկաներուն, որոնք նուիրատուութիւններ կատարեցին յօգուտ «Անթոնիա Արսլան« հայ-իտալական կրթական համալիրին (Ստեփանակերտ)։ «Լուռ հրեշտակը», ինչպէս եւ Անթոնիա Արսլանի հանրայայտ վէպը՝ «Արտոյտներու ագարակը», անգլերէն թարգմանութեամբ տրամադրելի են Առաջնորդարանի գրախանութէն։