Առաջնորդարանէն

ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԷՆ ԵՏՔ, ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԸՍՏ ՄԵՐ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻՆ

“Crossroads”ի կողմէ կատարուած առցանց հարցախոյզ մը ցոյց տուած է Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներու ծխականներու վարքագիծի փոփոխութիւնը պսակաձեւ ժահրի համավարակէն ետք։ Մինչ մեծամասնութիւնը վերադարձած է իր ծխական եկեղեցին՝ տնարգելներէն (lockdown) ետք, առնուազն 26 առ հարիւրը կը յայտնէ, թէ ներկայիս միայն առցանց կը հետեւի Ս. Պատարագին, միայն պաըագայաբար կամ բնաւ չյաճախելով եկեղեցի։

Հարցախոյզը, որ ծանուցուած էր թէ՛ շաբաթական մեր ելեկտրոնային լրատուին եւ թէ՛ Դիմագիրքին մէջ, 164 պատասխանողներ ունեցած է։

«Խոր գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք որ Crossroadsի խմբագրութեան ձեռնարկած «Հաւատքը Պսակաձեւ ժահրի ժամանակ» հարցախոյզին ընդառաջելով, 164 հոգի իրենց պատասխանը փոխանցած, եւ առարկայական գնահատումը կատարած են», յայտնեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Մեզի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի այս արժեւորումը, վերադասաւորելու համար յետ պսակաձեւ ժահրի, ժողովուրդի հոգեւոր դաստիարակութեան լծուած մեր աշխատանքները»։

Տնարգելին ընթացքին, հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը ըսաւ, թէ Ս. Պատարագին հետեւած է ուղիղ սփռումով։ Գրեթէ 38 առ հարիւրը հետեւած է ամէն Կիրակի, իսկ 25 առ հարիւրը՝ պարագայաբար։ Պատասխանողներուն շուրջ 19 a5 հարիւրը ըսաւ, թէ հետեւած է ամիսը անգամ մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւելցուց, թէ արդիւնքները պիտի ծառայեն ապագայ նախաձեռնութիւններու ուղեգիծեր հաստատելու. «Յուսով ենք որ յառաջիկային նման գործակցութեամբ, Ազգային Առաջնորդարանը իր բոլոր բաժանմունքներով մշտանորոգ թափ կու տայ իր յայտագիրներուն, ի գոհացում եւ ի զարգացում մերազնեայ ժողովուրդի զաւակներուն»։

Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը (մօտաւորապէս 33 առ հարիւր) ըսաւ, թէ պարագայաբար հետեւած է «Աղօթք՝ ժողովուրդին հետ» յայտագրին, որ սփռուած է թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով։ Երկրորդ խումբ մը պատասխանողներու (18 առ հարիւր) հետեւած է ամէն շաբաթ, իսկ շուրջ 12 առ հարիւրը՝ ամիսը անգամ մը։