ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆՈՐԹ ԱՆՏՈՎԸՐԻ ՄԷՋ
Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը Նորթ Անտովըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին համար եղաւ աշնանային կեանքի աշխուժացման հոյակապ առիթ մը։
Շաբաթ օր յետ միջօրէին, հակառակ Իյըն փոթորիկի առիթով լրատուական սահմռկեցուցիչ լուրերուն խումբ մը մարզասէրներ գլխաւորութեամբ Առաջնորդ սրբազան հօր 18 մղոնի հեծելարշաւ ունեցան Windham-Salem Rail Trail նախկին երկաթուղին փոխարինող ճամբուն երկայնքին։
Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին, Ս. Պատարագը մատոյց Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Քարոզէն առաջ, Սրբազան Հայրը, խարտաւիլակութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանի, դպիր ձեռնադրեց Միքայէլ Պիւլպիւլեանը, Քամերոն Աֆարեանը եւ Անդրէաս Մովսէսեանը։ Սրբազան Հայրը խոր գոհունակութիւն յայտնեց ի տես երեք պատանիներուն նուիրումին, որ գեղացկագոյն եւ շօշափելի ապացոյցն է հաւատքի ծլարձակման եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակութեան։
Պատարագի աւարտին, Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ համայնքը դիմաւորեց նորոգ օրհնուած ու սրբագործուած Միւռոնը։
Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ «Ճաֆարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան 52րդ տարեդաձը։
Եկեղեցւոյ ատենապետը՝ Ճոզէֆ Էլմասեան, Power Pointով ներկայացուց եկեղեցւոյ միամեայ գործունէութիւնը։ Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեան, ուրախութեամբ յայտնեց, թէ գաղութը հետզհետէ սկսած է բնականոն կեանքի դառնալ։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ճոխացուց օրուան հանդիսութիւնը։ Այս առթիւ, Առաջնորդարանէն գնահատագիր ստացաւ տիկ. Արմինէ Պիզիոս (Ռէյսեան) առ ի վարձատրութիւն իր բազմամեայ ծառայութեան եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի մէջ։
Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց գաղութին իրագործումները որոնք աւարտեցան մեծաւ մասամբ համավարակէն առաջ եւ նաեւ վերջ։ Սրբազան Հայրը յատկապէս վեր առաւ այն իրողութիւնը որ յայտագրին մաս կազմեցին պատանիներ, երիտասարդներ եւ նաեւ տարէցներ, երգ-արտասանութեամբ, դաշնակով ու սրինգով։ Սրբազան Հայրը, ի տես այս երեւոյթին, «արուեստի սիրահար» գաղութ որակեց համայնքը, եւ մաղթեց որ միշտ ուրախութեամբ եւ դրական ոգիով շարունակեն իրենց գործակցութիւնը։
Տ․Ստեփան Քհն․ Պալճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով, փակուեցաւ հոգեւոր եւ ընկերային խանդավառ տարեդարձի օրը։