Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր՝ Սագօ Արեանի հետ, որ հրապարակուեցաւ Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբերին։ Հարցազրոյցին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձած է Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս մեր թեմի ունեցած փորձառութեան համավարակի ընթացքին, ինչպէս եւ անկէ ետք։ Ան նշած է, թէ «21րդ դարու համաշխարհային այս աղէտը հանդիսացաւ մեր Հաւատքին ու Կամքին բազկերակը փորձարկութեան ենթարկող աննախընթաց պատեհութիւն մը, ո՛չ միայն համաշխարհային այս սպառնալիքին յաղթահարելու, այլ մեր առաջնահերթութիւնները վերադասաւորելու, ներքին ուժականութիւնն ու կարողականութիւնը զօրաշարժի ենթարկելու, աշխատանքային ձեւերը այժմէականացնելու՝ առաւել եւս օգտուելով արհեստագիտութեան բարիքներէն, եւ մեր առաքելութիւնը բիւրեղացնելու՝ կրակին բովէն անցած ոսկիի նման, որպէսզի Եկեղեցին դիմագրաւելով դար 22ը եւ աւելին, անմահանուն բանաստեղծ՝ Վահան Թէքէեանի խօսքով մնայ «Եկեղեցին հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ, նաւահանգիստ մը խաղաղ»»։
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ այստեղ՝