ԹԱՄԱՐ ԳԱՆԱՐԵԱՆ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ
Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի՝ օր. Թամար Գանարեան, մաս կազմած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 12 հոգինոց պատուիրակութեան, որ Սեպտեմբերի սկիզբը մասնակցած էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11րդ Ընդհանուր Ժողովին՝ Քարսլռուհի մէջ (Գերմանիա)։ Օր. Գանարեան, որ նաեւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) ազգային երեսփոխան է, իր տպաւորութիւնները բաժնեց “Crossroads” հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Անդրադառնալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի՝ Արցախի ի նպաստ յայտարարութեան, Թամար Գանարեան յայտնեց, թէ մաս կը կազմէր հանրային հարցերու յանձնախումբի զեկոյցին։ Այս խումբը դժուարին աշխատսանք ունէր՝ անդամ եկեղեցիներու եւ մասնակիցներու հրատապ մտահոգութիւններուն անդրադառնալու։ Արցախի յայտարարութիւնը մեծ խորութեամբ անդրադարձած է հակամարտութեան, կոչ ուղղելով ՄԱԿին, Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ հայ քաղաքայիններու եւ ռազմագերիներու անմիջական ազատ արձակման։ Անիկա նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման արդարացի մտահոգութիւններ կրկնած է, ինչպէս եւ դիմում ընելով, որ Մինսկի խմբակի շրջագիծին մէջ շարունակուի հակամարտութաեն արդար եւ խաղաղ լուծման ի խնդիր երկխօսութիւնը, եւ որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը քրիստոնէական զօրակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ՝ արդար ու կայուն խաղաղութեան ի խնդիր։ «Ուրախ եմ յայտնելու, թէ Արցախի ու Հայաստանի խնդիրը ճնշող մեծամասնութեամբ դրականօրէն ընդունուեցաւ ընդհանուր ժողովին կողմէ», աւելցուց օր. Գանարեան։ «Ինչպէս գիտէք, հայերը միակ ժողովուրդը չեն, որ կը պայքարին իրենց գոյութեան համար։ Հաւատքի վրայ հիմնուած այլ ժողովուրդներ կան, որ կը դիմագրաւեն անհաւատալիօրէն դժուարին կացութիւններ, եւ բոլորն ալ համակրանքով կը վերաբերին մեր խնդրին ու դատին»։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս հարցը յառաջ բերուած է 4.000 մասնակիցներու առջեւ, ինչ որ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր։
Մեր հարցումին, թէ ինչպէ՞ս Հայաստանն ու Արցախը կրնան օգտուիլ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութենէն, Թամար Գանարեան պատասխանեց.
«Միաձայնութեամբ նախագահութեան ընտրուելէ առաջ, Նորին Սրբութիւնը իմաստալից եւ ազդեցիկ դեր մը ունեցած է միջեկեղեցական աշխարհին մէջ տասնամեակներ ժամանակ՝ վարդապետական օրերէն։ Երկիցս ատենապետի պաշտօնը ունենալէ առաջ եւ վերջ, միշտ աշխոյժ ձայն մը ունեցած է միջեկեղեցական քննարկումներու մէջ, ընդունուած եւ յարգուած ձայն մը»։
Յիշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ութը նախագահներէն մէկը ընտրուած է։ Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղափառ եկեղեցիները ներկայացնող երկու նախագահներէն մէկն է, եւ ան միշտ պաշտպանած ու հետապնդած է Հայաստանի, Սփիւռվի ու ընդհանրապէս մեր ազգի շահերն ու իրաւունքները։
Օր. Գանարեանի տպաւորութեամբ, խիստ արհեստավարժ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր, համակարգումի լուրջ եւ բարձրորակ մակարդակով. «Ինչպէս յիշեցի, 4.000 հոգի՝ աշխարհական, եկեղեցական, տղամարդ, կին, երիտասարդներ, բոլոր երկիրներէն, ազգութիւններէն, եւ այլն, ճամբորդած էին իրենց հաւատքի մէջ արմատաւորուած մարդոցմէ շրջապատուած ըլլալու համար։ Իսկապէս զարմացած էի այս մարդոցմով, որոնք իսկապէս կ՚ապրին իրենց հաւատքով։ Երբեմն կը մխրճուինք վարչական եւ առօրեայ մանրամասնութիւններուն մէջ՝ մեր եկեղեցւոյ դռները բաց պահելու եւ մեր ծուխերն ու համայնքները գործօն պահելու համար, եւ կը մոռնանք մեր իսկական առաքելութիւնը իբրեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի։ Յիշեցում մը ստացայ՝ իմ հաւատքիս մէջ աճելու, թէ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք, ինչի՞ կը հաւատանք եւ ինչո՞ւ կը հաւատանք»։
Թամար Գանարեանի մաս կազմած է ընտրական յանձնախումբին, որ պատասխանատու էր ներկայացնելու յաջորդ եօթնամեակի 150 հոգինոց Կեդրոնական Վարչութեան կազմը։ Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ստանձնէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները գործադրելու պատասխանատուութիւնը։ Ան կը բացատրէ, թէ «ի տարբերութիւն ուրիշ կազմակերպութիւններու, ուր պէտք է մարմին մը ընտրենք, հոս քուէարկութիւն չկայ։ Կազմը ներկայացուցինք, որ պէտք ունէր աւելի քան 500 պատգամաւորներու հաւանութեան»։ Այս աշխատանքը կ՚ենթադրէր 209 հոգինոց նախնական ցանկ մը զտել՝ 150 հոգիի վերածելու համար, ինչ որ պահանջէր նաեւ ներկայացուցչութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանել եւ նախորդ պարագաները հաշուի առնել։ Կ՚արժէ դիտել տալ, որ Ուղղափառ Եկեղեցին ընդամէնը 25 առ հարիւրի ներկայութիւն ունի Կեդրոնական Վարչութեան մէջ՝ բուն ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները ներառեալ։ «Շատ հաւատացեալներ աշխարհի շուրջ դէմ յանդիման կը գտնուին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, եւ անոնց ազդեցութիւնը զգալի է եկեղեցիներու եւ ժողովորդուն վրայ», աւելցուց օր. Գանարեան։ «Շատերը յստակ ու զգայուն էին՝ ո՛չ միայն հաւասար, այլեւ լաւագոյն ներկայացուցչութիւնը ունենալու մասին»։
Հարցազրոյցի աւարտին, Թամար Գանարեան շեշտեց ուղղափառ եկեղեցիներու հետ յարաբերութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս եւ այլ յարանուանութիւններու հետ կապուելու անհրաժեշտութիւնը՝ մեր Եկեղեցւոյ եւ մեր պատմութեան մասին ուսուսացնելու համար։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ այս առիթին եւ ցուցաբերած վստահութեան համար, եւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին՝ մասնակցութիւնը քաջալերելու համար, աւելցնելով, թէ «սորված եմ լաւագոյններէն, որոնցմէ շատերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած են միջեկեղեցական շարժման մէջ աւելի քան 50 տարի։ Եթէ մասնակցելու առիթներ ըլլան, սիրով կ՚ընդունիմ։ Մեր հաւատքի եւ այլ յարանուանութիւններու ծանօթ ըլլալը կարեւոր է՝ եկեղեցւոյ աւելի լաւ կամաւորներ ըլլալու մեր կարողութիւնը բարձրացնելու համար»։