ԿԻՐԱԿԻ, 9 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ Ե. ԿԻՐԱԿԻ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 19:1-11
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 12:35-44
Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին հարցուց ժողովուրդին.
– Օրէնքի ուսուցիչները ի՞նչպէս կ’ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ’ըսէ.-
«Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.-
Աջ կողմս նստէ,
մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ
որպէս պատուանդան»:
Եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է:
Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ’ընէր Յիսուսի, որ իր ուսուցումները շարունակելով, կ’ըսէր.
– Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը: Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ’երկարեն: Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին:
Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ դահեկան մը կ’ընէ: Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց.
– Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը:
ՆԱՄԱԿ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2:1-10
Այնուհետեւ, տասնըչորս տարի ետք կրկին Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով: Գացի, որովհետեւ Աստուած յայտնեց որ երթամ: Այնտեղ, Երուսաղէմի եկեղեցիին զեկոյց տուի հեթանոսներուն մէջ կատարած քարոզութեանս մասին: Առանձնաբար զեկոյց տուի նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն, որպէսզի զուր տեղը աշխատած չըլլամ եւ չաշխատիմ: Անոնք բնաւ չստիպեցին որ թլփատուի ինծի ընկերացող Տիտոսը, որ հեթանոս Յոյն մըն էր: Թլփատութիւն պահանջողները քանի մը կեղծ քրիստոնեաներ էին, որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած էին՝ Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ մեզ Մովսիսական օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար: Բայց վայրկեան մը իսկ տեղի չտուինք անոնց, որպէսզի վստահ ըլլաք՝ թէ ճշմարիտ էր ինչ որ ձեզի քարոզեցինք:
Գալով անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ ղեկավարները կը համարուէին, ինծի համար բնաւ կարեւորութիւն չունի թէ անցեալին ի՛նչ եղած են անոնք: Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ: Արդ, ղեկավար համարուած այդ առաքեալները ոեւէ նոր բան չըսին ինծի այս մասին: Ընդհակառակը, երբ տեսան թէ Աստուած ինծի վստահած է հեթանոսներու քարոզութիւնը, ինչպէս Պետրոսի յանձնած էր Հրեաներու քարոզութիւնը –որովհետեւ Աստուած ինչպէս Պետրոսի առաքելութիւնը յաջողցուց Հրեաներուն մէջ, նոյնպէս ալ իմ առաքելութիւնս յաջողցուց հեթանոսներուն մէջ–, այն ատեն՝ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք եկեղեցւոյ սիւները կը համարուէին, ճանչցան Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքը, իմ եւ Բառնաբասի ձեռքը թօթուելով հաւանութիւն տուին որ մենք հեթանոսներուն մէջ աշխատինք, իսկ իրենք՝ Հրեաներուն: Միայն խնդրեցին, որ Երուսաղէմի աղքատներուն օգնել չմոռնանք. բան մը, որուն համար ես սրտանց աշխատեցայ: