Կաթողիկոսարանէն

«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ». ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TVն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանն ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնն ու վերապահութիւնը յայտնած է:

Cilicia TVն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր Սուրբ Աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին:

Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նիստին Վեհափառ Հայրապետը շեշտած է, թէ «ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, մեր ազգին ղեկավարութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը՝ ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»: