ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՈՒՈՔԻԿԸՆԻ (ԻԼԻՆՈՅ) ՄԷՋ
Շաբաթ, 5 Նոյեմբերին, Ուոքիկընի (Իլինոյ) Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ համայնքը վայելեց զոյգ օրհնաբեր առիթներ։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, խարտաւիլակութեամբ Արժպ. Տ. Տարօն Ա․ Քհն․ Ստեփանեանի՝ հոգեւոր հովիւ Ս․ Պօղոս եկեղեցւոյ, դպիրի աստիճան շնորհեց Պրէթըն Պաուլզին, Քաթրին Ճեմեանին եւ Մարկրէթ Ճեմեանին։ Այնուհետեւ, համայնքը ուրախութեամբ դիմաւորեց նորոգ օրհնուած սրբալոյս Միւռոնը։ Սրբազան Հայրը, առընթերակայութեամբ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ․ Վրդ․ Թինքճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Կլենվիուի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ, եւ Տ. Տարօն Ա. Քահանայի, կատարեց Ջրօրհնէքը։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Համայնքի ցնծութեան միացած էր շրջանի քաղաքապետուհին՝ Էնն Թէյլըր։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհին՝ տիկ. Ալթա Միքայէլեան-Ճեմեան, օրհնաբեր այս օրուան առթիւ բարի գալուստ մաղթեց եկեղեցական հայրերուն, քաղաքապետուհիին եւ ծխականներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը միշտ հոգատար է բոլոր ծուխերուն հանդէպ, եւ ամփոփ պատկերը ներկայացուց գաղութի գործունէութեան։ Տ. Տարօն Ա․ Քահանան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ Հայր Սուրբին, որ իրենց այցելութեամբ առաւել փայլ տուին օրուան հոգեպարար խորհուրդին։ Հուսկ ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խոր գոհունակութիւն յայտնեց ի տես գաղութի յարատեւ կամքին եւ բարձրօրէն գնահատեց անոր համագործակցութեան ոգին։
«Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ յիշատակելի այս օրը։