Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐԿԱՅ Կ՚ԸԼԼԱՅ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐՈԳՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ հիւրասիրութեան մը, որ կազմակերպուած էր «Լոթ Նիւ Եորք Փալաս» պանդոկին մէջ։ Ձեռնարկը հովանաւորուած էր «Բեթղեհէմի Զարգացման Հիմնադրամի Ամերիկեան Բարեկամներ»ու կողմէ։ Յատուկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ՝ լուսապատկերներու ցուցադրութեամբ, որոնք ցոյց կու տային անցեալի եւ ներկայի վիճակը Բէթղեհէմի Ս. Ծննդեան եկեղեցիին, ուր Հայ Եկեղեցին ունի պատուաբեր ներկայութիւն մը։ Նկարին մէջ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կ՚երեւի «Բեթղեհէմի Զարգացման Հիմնադրամ»ի ատենապետ՝ Սամիր Խուրիի, եւ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Թեմի Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսի հետ։