ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 29.11-20
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 11:1-13
Պատահեցաւ որ Յիսուս տեղ մը կ’աղօթէր: Երբ աղօթելը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ.
– Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցուր, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտներուն սորվեցուց:
Յիսուս ըսաւ.
– Երբ կ’աղօթէք, ըսէք.
«Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ
թող գայ արքայութիւնդ:
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր:
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը, քանի մենք ալ կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են:
Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»:
Եւ ապա շարունակեց.- Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը բարեկամ մը ունի, որուն կը դիմէ գիշեր ատեն եւ կ’ըսէ. «Բարեկա՛մ, ինծի երեք հաց փոխ տուր, որովհետեւ ճամբորդ բարեկամ մը տունս իջեւանեցաւ եւ ես հրամցնելիք բան չունիմ»: Անիկա ներսէն կը պատասխանէ, ըսելով. «Մի՛ յոգնեցներ զիս. դռները արդէն իսկ գոցած եմ եւ փոքրիկներս քովս անկողինին մէջ են. հետեւաբար չեմ կրնար ելլել տալ քեզի»: Վստահ եղէք, որ նոյնիսկ եթէ բարեկամութեան սիրոյն չելլէ եւ անոր ուզածը չտայ, սակայն անոր թախանձանքներուն տեղի տալով՝ պիտի կատարէ անոր խնդրանքը: Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ.- Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի: Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի: Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը ձուկ ուզէ եւ ինք ձուկին փոխարէն օձ տայ անոր, եւ կամ կարիճ տայ՝ երբ զաւակը հաւկիթ խնդրէ: Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն:
ԹՈՒՂԹ ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:8-23
Ի վերջոյ, եղբայրնե՛ր, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի: Եւ գործքո՛վ կատարեցէք այն՝ ինչ որ ինձմէ սորվեցաք եւ ընդունեցիք, ինձմէ լսեցիք եւ իմ վրաս տեսաք. եւ Աստուած, որ խաղաղութիւն կու տայ, ձեզի հետ պիտի ըլլայ:
Մեծապէս ուրախացայ Տիրոջմով, որ վերջապէս ձեր միտքը ինկայ եւ ինձմով հետաքրքրուեցաք: Գիտեմ որ նախապէս ալ կը հետաքրքրուէիք ինձմով, բայց զայն արտայայտելու առիթը չունէիք: Ըսել չե՛մ ուզեր թէ բանի մը կարօտ եմ, որովհետեւ ես ունեցածովս գոհ ըլլալու վարժուած եմ: Չքաւորութիւն ալ ճանչցայ, առատութիւն ալ տեսայ: Վարժուեցայ ամէն տեսակի կացութիւններու եւ պայմաններու. թէ՛ կուշտ ըլլալու եւ թէ՛ անօթի մնալու, թէ՛ առատութեան եւ թէ՛ չքաւորութեան: Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց: Բայց լաւ ըրիք որ ինծի օգնեցիք նեղութեանս մէջ: Դո՛ւք ալ գիտէք, ո՜վ Փիլիպպեցիներ, թէ սկիզբը երբ ես Մակեդոնիա եկայ Աւետարանը քարոզելու, ձեզմէ զատ ուրիշ ոեւէ եկեղեցի չմտածեց իր ստացած հոգեւոր բարիքներուն փոխարէն նիւթապէս ինծի օգնելու մասին. մինչ դուք մէկերկու անգամ մինչեւ իսկ Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք ինչ որ ինծի պէտք էր: Ո՛չ թէ ձեր տուածին մասին կը մտածեմ, այլ այն վարձատրութեան՝ որ ձեր հաշւոյն պիտի աւելնայ: Որովհետեւ ես ամէն ինչ ունիմ եւ աւելիով ունիմ, եւ Եպաֆրոդիտոսի ձեռքով ստացայ ձեր առատ նուէրները, որոնք ոեւէ խունկէ աւելի անուշահոտ եւ ոեւէ զոհէ աւելի ընդունելի են Աստուծոյ, իր կամքին համաձայն ըլլալով: Թող ամենառատն Աստուած ի՛նք փառաւորապէս հոգայ ձեր բոլոր պէտքերը, Քրիստոս Յիսուսի ձեռքով: Յաւիտեանս յաւիտենից փա՜ռք Աստուծոյ՝ մեր Հօրը: Ամէն:
Ողջոյն տուէք Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուն: Իմ հետս եղող եղբայրները կը բարեւեն ձեզ: Ձեզ կը բարեւեն նաեւ այստեղի բոլոր հաւատացեալները, մանաւանդ կայսրին ծառայութեան մէջ եղողները:
Տէր Յիսուս Քրիստոս իր շնորհքը պարգեւէ ձեր բոլորին: Ամէն: